Համահայկական 8-րդ խաղերը այսօր արդէն կը սկսին Կիւմրիի մէջ։ Աշխարհի հայ երիտասարդութեան տեսակէտէ՝ այլեւս աւանդական դարձած մեծ ժամադրութիւն մըն է այս մրցաշարքը, որ կը կազմակերպուի ողիմպիականներու տրամաբանութեամբ։ Սա նոր սերունդի մեծ համախմբում մըն է, որ բոլորը կը մէկտեղէ ինքնութեան արժէքներու եւ եղբայրական մրցակցութեան հասարակաց յայտարարին վրայ։
Թրքահայ մարզական բազմանդամ պատուիրակութիւնը այս առաւօտ ուղիղ թռիչքով Իսթանպուլէն Երեւան մեկնեցաւ՝ «FlyOne Armenia»ի օդանաւով։ Խումբին գլուխը կը գտնուէին Համահայկական խաղերու Իսթանպուլի կարգադիր յանձնախումբի ատենապետ Հայկարամ Քարասու եւ նոյն յանձնախումբէն՝ Շիշլի մարզակումբի վարչութեան ատենապետ Ալէն Թեքպըչաք, որոնք միեւնոյն ժամանակ Համաշխարհային կոմիտէին մէջ ալ կ՚աշխատին։
Թրքահայ մարզիկները մրցաշարքի օրերուն կ՚իջեւանին Երեւանի կեդրոնը։ Այսօրուան բացման արարողութեան համար տղաքը յատուկ օթոպիւսներով պիտի մեկնին Կիւմրի։ Մրցաշարքի ծրագրէն դուրս մնացած ազատ ժամանակներուն անոնք հնարաւորութիւն պիտի ունենան ծանօթանալու Հայաստանի պատմա-մշակութային նշանակութեամբ վայրերուն։
Բացի այս բազմանդամ մարզական պատուիրակութենէն, Համահայկական խաղերու բացման թրքահայ համայնքին կողմէ կը մասնակցին նաեւ յայտնի մեներգչուհի Սիպիլ եւ Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» երգի-պարի համոյթը։
İlk yorum yapan siz olun