İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

«Աթաթիւրք» հաղորդաշարի սփռումի հարցով բողոքի մեծ ալիք՝ «Տիզնէյ Փլաս» հարթակին դէմ

ԷՕՄԷՐ ՉԷԼԻՔ.- «ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԼՈՊԻՆ ՎԵՐԱԾՈՒԱԾ Է ՀԻՒԱՆԴԱԳԻՆ ԱՏԵԼՈՒԹԵԱՆ ԼՈՊԻԻ»

Մօտաւորապէս երկու շաբաթ առաջ գրած էինք որ «Տիզնէյ փլաս» հարթակին վրայ արգիլուած էր «Աթաթիւրք» անունով շարժանկարի ցուցադրութիւնը։ Բացի համացանցի թրքական բաժնէն, միւս բոլոր երկիրներու մէջ այս շարժանկարի ցուցադրութեան դէմ արգելք դրուած էր Ամերիկայի հայկական լոպիի ջանքերով։

Սկզբնական օրերուն հարցը քաղաքական բնոյթ չէր ստացած, բայց երկու օրէ ի վեր բողոքի մեծ ալիք մը ստեղծուեցաւ քաղաքական ու հասարակական մակարդակներուն վրայ։ Ա-Գէ-Փէ կուսակցութեան հետ միասին քաղաքական բոլոր կուսակցութիւնները՝ դիմադիր կամ ընդդիմադիր իրենց ձայնը բարձրացուցին անընդունելի նկատելով «Տիզնէյ Փլաս» հարթակի պատասխանատուներու որոշումը։

Երէկ, բոլորը ընդվզած էին եւ պաշտօնական յայտարարութիւններով իրենց ձայնը կը բարձրացնէին վերոյիշեալ տիժիթալ հարթակին դէմ, ըսելով որ եթէ սխալը չսրբագրուէր, ուրեմն Թուրքիոյ մէջ պիտի արգիլուէր հարթակի գործունէութիւնը։

Ա-Գէ-Փէի մամլոյ բանբեր Էօմէր Չէլիք դիտել տուաւ որ հայկական լոպին չափը անցուցած է եւ վերածուած է հիւանդագին կառոյցի մը, որ կ’իյնայ ճղճիմ հաշիւներու ետեւէն։ Ըստ իրեն դատապարտելի է հարթակի ղեկավարութիւնը, որ տեղի կուտայ հայկական լոպիի ճնշումներուն։ Ցաւալի է այն որ մէկ կողմէ արեւմուտքը իբրեւ թէ ինկած է խօսքի եւ մարդու իրաւունքներու ազատութեան ետեւէն, բայց միւս կողմէ այսպիսի որոշումներով կը հաստատէ որ ժողովրդավարութիւնը ճգնաժամ կ’ապրի Արեւմտեան աշխարհին մէջ։ «Պիտի շարունակենք մեր ձայնը բարձրացնել եւ հասնիլ այն բանին որ հաղորդաշարը հրապարակուի առանց որեւէ գրաքննութեան կամ վերապահութեան», նշեց Էօմէր Չէլիք։

Երկրի քաղաքական գրեթէ բոլոր կուսակցութիւնները «տէր կանգնեցան» Աթաթիւրքին ու այս որոշումը անարգանք նկատեցին ամբողջ Թուրքիոյ հասցէին։

Հարցը այլեւս քաղաքական հանգամանք ստացած է եւ անով անձամբ կը զբաղին Արտաքին Գործոց Նախարար Հաքան Ֆիտան ու ՄԻԹի նախագահ Իպրահիմ Գալըն։ «Տիզնէյ Փլաս» հարթակի ղեկավարութիւնն ալ այսօր հանդէս պիտի գայ յայտարարութեամբ մը։

Հաղորդաշարի նկարահանումներու վրայ ծախսուած է 8 միլիոն տոլար։ «Աթաթիւրք»ը Հոկտեմբերին, որպէս շարժանկար պիտի ցուցադրուի միայն Թուրքիոյ շարժանկարներու սրահներուն մէջ։

Ի՞ՆՉ Կ’ԸՍԷ ՍԷՐՏԱՐ ՔԸԼԸՃ

Հայ-թուրք հաշտութեան գործընթացի թուրք բանագնաց Սէրտար Քըլըճ նոյնպէս իր բողոքը արտայայտեց, յիշեցնելով Երեւանի մէջ զետեղուած «Նեմեսիս»ի յուշարձանի մասին եւ շեշտելով որ նոյն մտածողութեամբ «Աթաթիւրք» հաղորդաշարի սփռումի դէմ ճնշում գործադրուած է։ Անընդունելի է այն որ փոխանակ շինիչ քայլերու, կարգ մը շրջանակներ այսպիսի սխալ եւ ապակառուցողական մօտեցումներով կը փորձեն ճնշում բանեցնել Թուրքիոյ դէմ։

ԷՐՎԱՊ-Ի ԱՐՁԱԳԱՆԳԸ

Դիտել տանք որ Հայկական Վագըֆներու Միութեան ¤ԷՐՎԱՊ_ անունով, ԷՐՎԱՊի նախագահ Պետրոս Շիրինօղլու երէկ կէսօրէ ետք մամլոյ հաղորդագրութիւն մը հրապարակեց, կոչ ուղղելով որպէսզի Ամերիկայի հայկական լոպին ու հայ համայնքը, միջազգային մէտիա հարթակները աւելի մեծ պատասխանատուութիւն մը ստանձնեն եւ զօրակցին հայ-թրքական հաշտութեան գործընթացին։

Երէկ իրիկուն տեղական բոլոր թերթերը համացանցային իրենց լրատուութեանց մէջ, նաեւ հեռատեսիլի կայանները արձագանգ եղան ԷՐՎԱՊ-ի յայտարարութեան։ Իրիկուան գլխաւոր լուրերու ժամուն տող առ տող կարդացուեցաւ յայտարարութեան պատճէնը եւ գնահատանքի արժանացաւ ԷՐՎԱՊ-ի դիրքորոշումը։

https://www.normarmara.com/arsiv2023-2/030823lu.html

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın