İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ԽԱՂԵՐՈՒ «ԻՍԹԱՆՊՈՒԼ» ԵՒ «ՍԱՍՈՒՆ» ԽՈՒՄԲԵՐՈՒ ՄԱՍՆԱԿԻՑՆԵՐԸ ԻՐԵՆՑ ՄԱՐԶԱՇԱՊԻԿՆԵՐԸ ՍՏԱՑԱՆ

Եւ այսպէս օրերը կը մօտենան եւ համահայկական 8րդ խաղերու Իսթանպուլի մարզական պատուիրակութիւնը կազմ ու պատրաստ վիճակին մէջ կը սպասէ Երեւան մեկնումին։

Երէկ իրիկուն խաղերու Իսթանպուլի պատուիրակութեան պատասխանատուներն ու մարզիկները հաւաքուեցան Ֆէրիգիւղի «Նազար Շիրինօղլու» սրահին մէջ։ Խաղերու Իսթանպուլի յանձնախումբի Ատենապետ Հայկարամ Գարասու, համաշխարհային յանձնախումբի անդամ Ալէն Թէքպըչաք, որ համապատասխան կանոնագրութեան համաձայն, Շիշլիի Մարզական ակումբի վարչութեան Ատենապետի հանգամանքով Իսթանպուլի յանձնախումբի փոխատենապետ է, նոյն հանգամանքով՝ Թաքսիմի Մարզական ակումբի վարչութեան Ատենապետ Կարօ Համամճըօղլու, մարզաձեւերու պատասխանատուները հրապարակաւ մարզիկներուն յանձնեցին իրենց պաշտօնական մարզաշապիկները, որոնցմով Իսթանպուլը պիտի ներկայացնեն յառաջիկայ օրերուն։

Վարիչները այս հանդիպումով առիթ ստեղծեցին որ մարզիկները մօտէն ճանչնան զիրար։ Յայտնի դարձաւ որ բոլոր մարզիկները բարձր տրամադրութիւն ունին եւ անոնցմէ շատերուն համար խաղերը պիտի ըլլան ո՛չ միայն մարզական յամառ մրցումներու թատերաբեմ, այլ նաեւ հայրենի երկրի հետ ծանօթանալու եւ Հայաստանը ճանչնալու հիանալի առիթ։

Մարզական պատուիրակութիւնները 4 եւ 5 Օգոստոսին Հայաստան պիտի հասնին օդային ճամբով։

Յաջողութիւն կը մաղթենք «Իսթանպուլ» խումբին։

«ՍԱՍՈՒՆ» ԽՈՒՄԲՆ ԱԼ ՊԱՏՐԱՍՏ Է ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ԽԱՂԵՐՈՒՆ

Համահայկական 8րդ խաղերուն Թուրքիոյ հայերը կը ներկայանան երկու խումբով՝ «Իսթանպուլ» եւ «Սասուն»։ Երկուքն ալ այլեւս պատրաստ են։ «Սասուն» խումբի ատենապետ Արամ Տէմիր եւ միւս վարիչները երէկ մէկտեղուեցան իրենց մարզիկներուն հետ։ Մեր ընթերցողներուն ծանօթ է որ «Սասուն» խումբը համահայկական խաղերուն պիտի մրցի ֆութսալ եւ ֆութպոլ մարզաձեւերուն մէջ։ «Սասուն»ցիներու մարզական պատուիրակութիւնը 43 հոգի է, անոնցմէ 10-15ը առաջին անգամ Հայաստան պիտի երթան։ Վարիչներն ու մարզիկները երէկ Երեւան մեկնումէն առաջ դարձեալ մէկտեղուեցան իրարու հետ։ «Սասուն»ցիները մարզիկներու, վարիչներու եւ ընկերակիցներու հետ մէկտեղ 124 հոգիէ կը բաղկանայ։ Անոնցմէ 33ը՝ 4 Օգոստոսին, մնացեալներն ալ 5 Օգոստոսին պիտի մեկնին Հայաստան։

Յաջողութիւն կը մաղթենք նաեւ «Սասուն»ցիներուն։

https://www.normarmara.com/arsiv2023-2/020823lu.html

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın