Ճիշդ շաբաթ մը յետոյ Իսթանպուլի մարզական պատուիրակութիւնն ու անոնց ընկերացող զբօսաշրջիկներու խումբերը պիտի մասնակցին Համահայկական 8րդ խաղերուն։
Նախընթաց օր յայտնի դարձաւ թէ ո՞ր ընկերութեան օդանաւերով դէպի Երեւան պիտի թռչին Իսթանպուլի եւ Սասունի խումբի մարզիկներն ու ընկերակիցները։
Համահայկական խաղերու Իսթանպուլի յանձնախումբի Ատենապետ Հայկարամ Գարասու եւ Սասուն խումբի Ատենապետ Արամ Տէմիր ընկերութեան ներկայացուցիչ Տիկին Պերճուհի Սէօղիւթ Թէքեիւրէքի հետ միասին ստորագրեցին արարողակարգային փաստաթուղթ մը՝ դէպի Երեւան ու դէպի Իսթանպուլ թռիչքներու մասին։
Ընդհանուր առմամբ 231 մարզիկ պիտի ճամբորդէ այս ընկերութեան օդանաւերով։ 4 Օգոստոսին Երեւան պիտի մեկնի 51 հոգինոց խումբ մը, իսկ յաջորդ օր առտու 180 հոգինոց պատուիրակութիւն մը։
Վերադարձի թուականները տարբեր են. 9 Օգոստոսին Երեւանէն Իսթանպուլ պիտի վերադառնայ 6 հոգի, 11 Օգոստոսին 46 հոգի, 12 Օգոստոսին 140 հոգի, 13 Օգոստոսին 4 հոգի եւ 14 Օգոստոսին 35 հոգի։
İlk yorum yapan siz olun