“ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ԽԱՂԵՐԸ ԻՐԱԿԱՆԱՑՈՒՑԻՆ ԻՄ ԵՐԱԶԱՆՔԸ”
Երգչուհի Սիպիլ հրաւիրուած է ելոյթ ունենալու Համահայկական 8րդ խաղերու բացման հանդիսութեան ընթացքին: Մեր ընթերցողները կը յիշեն որ 2011ի խաղերը ճակատագրական նշանակութիւն ունեցան իրեն համար, փոխեցին կեանքի գիծը եւ երգարուեստը դարձուցին գլխաւոր ասպարէզ եւ առիթ ստեղծեցին որ թեւ առնեն իր երազանքները:
Սիպիլ 5 Օգոստոսի բացման հանդիսութեան ընթացքին ալ բեմ պիտի ելլէ: Խաղերուն ընդառաջ, համահայկականի կայքէջին վրայ հրապարակուեցաւ իրեն հետ կատարուած հարցազրոյց մը, զոր արեւմտահայերէնի վերածելով կը ներկայացնենք մեր ընթերցողներուն.
***
Համահայկական խաղերը դուռներ կը բանան, ես ատիկա վստահ կրնամ ըսել իմ օրինակով, կ՚ըսէ պոլսահայ երգչուհի Սիպիլ: Ան 2011էն ի վեր Համահայկական խաղերու հետ է եւ տեսակ մը խորհրդանիշ դարձած է: Երգչուհին այս տարի նոյնպէս պիտի մասնակցի բացման հանդիսութեան:
Սիպիլ իր կեանքի ամենամեծ ձեռքբերումը կը նկատէ այս միջոցառումը, որ աշխարհի չորս ծագերու հայերը կը միաւորէ հայրենի երկրին մէջ:
“Համահայկական խաղերը կեանքիս ամենամեծ ձեռքբերումն էին, զոր ունեցայ ասպարէզիս ընթացքին: Հայաստանի ու Սփիւռքի մէջ համահայկական խաղերուն շնորհիւ ճանչցան զիս: Իմ առաջին փորձառութիւնը ձեռք ձգեցի Համահայկական 5րդ խաղերու բացման հանդիսութեան ընթացքին: Հրաւէր ստացած էի Իշխան Զաքարեանէն: Այդ օրէն մինչեւ այսօր, բոլոր խաղերու ընթացքին յատուկ հիւրի հրաւէր կը ստանամ: Այս տարի նոյնպէս կը պատրաստուիմ մասնակցելու 8րդ խաղերու բացման”, կ՚ըսէ Սիպիլ, որու մօտ խաղերուն հետ առնչակից յիշողութիւնները յուզում կը յառաջացնեն:
Սիպիլ կ՚ապրի ու կը ստեղծագործէ Իսթանպուլի մէջ եւ որպէս Սփիւռքի ներկայացուցիչ, ան իւրովի կը պատկերացնէ Հայաստան-Սփիւռք կապը: Ինք ալ մասնակից է այդ կապը ամրապնդելու եւ զարգացնելու ծրագիրներուն: Սիպիլի խօսքերով, խաղերու ընթացքին մարզական մրցումները խորհրդանշական բնոյթ կը կրեն, կարեւորն ու առաջնահերթը հայութեան համախմբումն ու միասնականութիւնն է, հայրենիքի հետ հայ երիտասարդներու կապը:
Սիպիլ կը հաւատայ որ համահայկական խաղերու գաղափարը ներկայիս աւելի քան արդիական է, այս դժուարին օրերուն, հայութիւնը կարիքն ունի միասնական ըլլալու:
“Այո՛, մրցումներու ընթացքին յաղթանակը կարեւոր է, բայց ամենակարեւորը նոր կապերու, նոր ընկերներու ձեռքբերումն է, հայրենիքը ճանչնալն է”, կ՚ըսէ Սիպիլ:
Համահայկական խաղերը Սիպիլին համար առիթ ստեղծած են որ ան իրականութիւն դարձնէ իր երազանքը: “Ես մեծ երազանք մը ունէի: Կ՚ուզէի Անիի մայր տաճարին մէջ երգել “Տեսնեմ Անին ու նոր մեռնեմ” երգը: Այդ երազանքը ինծի համար անհասանելի ու անիրագործելի կը թուէր, պարզապէս անգամ մը համարձակեցայ եւ թրքական հեռատեսիլի կայաններէն մէկուն մէջ, հարցազրոյցի մը ընթացքին պատմեցի ցանկութեանս մասին”, կ՚ըսէ երգչուհին:
Սիպիլ ա՛յդ երգով մասնակցած էր 2011ի համահայկական խաղերու բացման հանդիսութեան: “Չափազանց յուզուած ու զգածուած էի: Անիի մայր տաճարին մէջ արցունքոտ աչքերով երգեցի: Ուրիշ էր մթնոլորտը, տարբեր էր: Բառեր չունիմ զգացումներս արտայայտելու համար: Ինքզինքս բախտաւոր նկատեցի այդ անմոռանալի պահին արժանի ըլլալու համար”, կը յիշէ Սիպիլ:
Ան չ՚ուզեր բացայայտել թէ ո՞ր երգով պիտի մասնակցի հանդիսութեան, միայն գեղեցիկ անակնկալ մը կը խոստանայ հանդիսականներուն:
İlk yorum yapan siz olun