İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՍԱՀՄԱՆԻՆ ՎՐԱՅ, ՄԱՐԳԱՐԱՅԻ ԿԱՄՈՒՐՋԻ ՀԱՐԵՒԱՆՈՒԹԵԱՄԲ ԿԸ ԿԱՌՈՒՑԷ ՄԱՔՍԱԿԷՏ

Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացին ներքեւ միշտ օրակարգի վրայ կը մնայ նաեւ երկու երկիրներու միջեւ ցամաքային սահմանի բացման հաւանականութիւնը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ներկայիս սահմանի Հայաստանի կողմէն՝ Մարգարայի անցակէտին մօտ աշխոյժ շինարարական աշխատանքներ կ՚ընթանան։

Երէկ, Հայաստանի կառավարութեան նիստէն վերջ զանգուածային լրատուութեան միջոցներուն հետ զրոյցի ընթացքին այս մասին մանրամասնութիւններ հրապարակուեցան Պետական եկամուտներու կոմիտէի նախագահ Ռուստամ Բադասեանի կողմէ։ Թէեւ ան դժուարացաւ յստակ ժամկէտներ նշելու, սակայն, ընդգծեց, որ շինարարական աշխատանքները շուտով պիտի աւարտին։

Ինչպէս ծանօթ է, ներկայիս օրակարգի վրայ է Թուրքիա-Հայաստան սահմանը բանալ երրորդ երկիրներու քաղաքացիներուն եւ երկու երկիրներէ դիւանագիտական անցագրի տէր անձերուն համար։ Այս ուղղութեամբ աւելի առաջ համաձայնութիւն գոյացած էր Թուրքիոյ եւ Հայաստանի յատուկ ներկայացուցիչներուն միջեւ։

Լրագրողներու հետ զրուցելու ընթացքին Բադասեան նշեց, որ սա Հայաստանի Պետական եկամուտներու կողմիտէի իրաւասութիւններու շրջանակէն դուրս հարց մըն է։ «Մեր խնդիրը սահմանային անցակէտի մաքսային հսկողութեան իրականացման համար պայմաններու ապահովումն է, մենք սա կ՚իրականացնենք», աւելցուց ան։

Հարկ է յիշեցնել, որ յատուկ ներկայացուցիչներու միջեւ ձեռք բերուած վերոյիշեալ համաձայնութիւնը կեանքի կոչելու համար աւելի առաջ որպէս ժամկէտ նշուած էր ներկայ յունիս ամիսը։ Յամենայնդէպս, ցարդ այս ուղղութեամբ որեւէ գործնական արդիւնք չկայ, նաեւ յստակ ժամկէտներու մասին չի խօսուիր։ Որքան որ ալ Անգարա-Երեւան կարգաւորման գործընթացէն ներս այս պահուն տեսանելի յառաջընթաց մը չըլլայ, այնուամենայնիւ, սահմանի վրայ Մարգարայի կամուրջի հարեւանութեամբ մաքսակէտի կառուցումը հանրային կարծիքի ուշադրութեան առարկայ կը դառնայ։

http://www.jamanak.com/content/լրահոս%2F21-07-2023-հայաստան-թուրքիոյ-սահմանին-վրայ-մարգարայի-կամուրջի-հարեւանութեամբ-կը

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın