Սիրելի Կարօ, Մարմարա-ի Կարօ,
Անոնք, որոնք հիմա պիտի կարդան այս տողերը կամ չորրորդ էջին վրայ հրատարակուած Հոգեհանգստեան Պաշտօնի ընտանեկան ծանուցումը, անկասկած մեզի նման բարձրաձայն վա՜խ մը պիտի ըսեն ու ցաւ ի սիրտ պիտի յիշեն որ ժամանակը կը վազէ-կ՚երթայ:
Ահաւասիկ երկու տարի անցաւ մահուանդ թուականի վրայէն, բայց վշտի ծանր շղարշը դեռ ներկայ է խմբագրատան մէջ:
Ամէն անցնող օր տարբեր փորձութիւն է մեզի համար, որովհետեւ բոլորս մեր երեւակայութեան մէջ քու դէմքը կ՚ուրուագծենք պարապ աշխատասեղանիդ մօտ:
Երբեմն ուրախ կամ տխուր, երբեմն խիստ կամ շատ լուրջ հայեացքդ կը պատկերանայ մեզի ու ձայնիդ արձագանգները կը տարածէ բոլորիս աշխատասենեակներէն ներս:
Կարօտցած ենք այդ ձայնը, կարօտցած ենք քու ներկայութիւնը, կարօտցած ենք մարդկային քու կերպարը, որուն մէջ առատօրէն խտացած էին երեք կարեւոր յատկանիշներ՝ ընկերասիրութիւն, մարդասիրութիւն եւ ծառայասիրութիւն:
Բոլորին մէջ ալ ՍԷՐը կայ եւ այդ սէրն էր որ ընդելուզուելով էութեանդ հետ, քեզ դարձուց նաեւ մարմնացումը՝ անսահման բարեացակամութեան:
Օրինակելի էիր ամենատարբեր առումներով:
Ուղղամտութիւնն ու ճշդապահութիւնը, որոնք երբեմն նոյնիսկ փորձանք դարձան գլխուդ, կեանքիդ անսակարկ եւ անփոփոխ կարգախօսներն էին:
Սիրեցիր գործդ եւ թել առ թել կեանքդ կապեցիր մեր թերթին, միաժամանակ ծառայելով նաեւ եկեղեցիին ու համայնքին՝ որպէս վարչային: Մնացիր պատնէշին վրայ եւ համայնքային կեանքի բազկերակը միշտ արթուն պահեցիր սրտիդ մէջ: Անմիջական մասնակիցը կամ առաջնորդը հանդիսացար բազմաթիւ նախաձեռնութիւններու:
Սիրեցիր մեր մայրենին եւ հայ լեզուն, հայեցի կրթութիւնն ու հայկական դպրոցները եղան գուրգուրանքիդ առարկայ: Անվարան պաշտպան կանգնեցար քու ՃԻՇԴին եւ մարդկային այդ նկարագրով մնացիր մինչեւ կեանքիդ վերջին օրերը:
Մարդասէր էիր եւ մարդամօտ: Նոյնիսկ ամենադժուարին պարագաներուն բարի սրտով խրախուսեցիր շուրջիններդ, լաւատեսութեամբ ոգեւորեցիր եւ ուրախ տրամադրութեամբ շէնցուցիր խմբագրատան մթնոլորտը, սիրելի գործընկեր, բարեկամ, հարազատ ՄԱՐԴ եղար բոլորիս համար:
Չար վայրկեանը, համավարակի մահաբեր շունչը, մահուան երկաշաբաթեայ մարաթոնը քեզ փրցուցին կեանքէն, ընտանիքէդ եւ ՄԱՐՄԱՐԱ-էն:
Հողին յանձնեցինք մարմինդ եւ գլուխ գլխի մնացինք մեր ցաւին հետ:
Շաբաթը դարձաւ ամիս, ամիսը՝ տարի, յետոյ տարելից եւ հիմա քու կորուստով բացուած մեծ պարապութիւն մը ունինք մեր դիմաց:
***
Երկու տարի անցաւ եւ տակաւին դժուար է հաւատալ որ դուն չկաս, դժուար է ներքուստ ընկալել որ մեկնած էիր անվերադարձ:
Ա՜խ երանի՜…:
Երանի՜ թէ գոնէ քանի մը վայրկեանի կարենայինք ետ բերել ժամանակը եւ կարօտով փաթթուէինք քեզի մնաս բարով ըսելու համար:
Երանի՜ թէ դաժան ճակատագիրը այսպիսի ծանր խաղ մը չխաղար մեզի հետ ու չընդհատէր մեր բարեկամութիւնն ու սէրը:
Յիշատակդ կ՚ապրի եւ անթեղուած է խմբագրակազմի իւրաքանչիւր անդամի սրտին մէջ:
ՄԱՐՄԱՐԱ
İlk yorum yapan siz olun