İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ 8-ՐԴ ԽԱՂԵՐՈՒՆ ՄԱՍՆԱԿՑԵԼԻՔ ԹՐՔԱՀԱՅ ԽՈՒՄԲԻ ՈՒՂԵՒՈՐՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՉԱԿԱՆ ՎԵՐՋԻՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐԸ

Համահայկական 8-րդ խաղերը պիտի սկսին օգոստոսի 5-ին։ Բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Կիւմրիի մէջ։ Մինչ այդ, Համահայկական խաղերուն մասնակցելիք թրքահայ բազմանդամ խումբի ուղեւորութեան ընդառաջ կազմակերպչական վերջին աշխատանքներն ալ ընթացքի մէջ են։ Համահայկական խաղերու Իսթանպուլի կարգադիր յանձնախումբի ատենապետ Հայկարամ Քարասու վերջին երկու օրերուն այցելեց Երեւան։ Երէկ, ան հանդիպում մը ունեցաւ Համահայկական խաղերու համաշխարհային կոմիտէի նախագահ Իշխան Զաքարեանի հետ։ Ներկայ էին նաեւ մեր համայնքէն «Սասուն» անուանումով խաղերուն մասնակցելիք խումբին պատասխանատուները։ Հայկարամ Քարասուի գլխաւորութեամբ մեր մարզիկներու ուղեւորութեան վերաբերեալ գրեթէ բոլոր մանրամասնութիւնները վերջնական տեսքի բերուեցան։ Ատենապետը մեզի յայտնեց, որ խումբի իջեւանելիք պանդոկէն ներս սենեակներու յստակացումը կատար-ւած է։ Բաց աստի, Հայկարամ Քարասու մեզի յայտնեց, որ թրքահայ բազմանդամ խումբի անդամներուն Հայաստան մուտքի արտօնութիւններն ալ դիւրացուած կարգով պիտի կատարուին։ Համաշխարհային կոմիտէն այս ուղղութեամբ պատրաստակամութիւն յայտնած է եւ համապատասխան ցուցակը յառաջիկայ օրերուն պիտի ուղարկուի Երեւանի «Զուարթնոց» օդակայանի պատկան սահմանապահ իշխանութիւններուն։

 Հարկ է նշել, որ Համահայկական 8-րդ խաղերու վիճակահանութիւնը նախատեսուած է յուլիսի 28-ին։ Այսպէսով յայտնի պիտի դառնան նաեւ թրքահայ խումբերու մրցումներուն թուականները, վայրերն ու ժամերը։

Համահայկական խաղերու համաշխարհային կոմիտէէն ներս Իշխան Զաքարեանի եւ Հայկարամ Քարասուի գլխաւորութեամբ կազմակերպուած քննարկումներուն ներկայ գտնուեցան նաեւ Վրէժ Շառոյեան, Արամ Տեմիր, Ռոլան Շառոյեան, Սամի Արթան եւ քարտուղարութեան աշխատակիցներ։

http://www.jamanak.com/content/թրքահայ-կեանք/19-07-2023-համահայկական-8-րդ-խաղերուն-մասնակցելիք-թրքահայ-խումբի-ուղեւորութեան

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın