İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Համահայկական խաղերուն ընդառաջ ՀԱՅԿԱՐԱՄ ԳԱՐԱՍՈՒ ԵՒ ԱՐԱՄ ՏԷՄԻՐ ԵՐԵՒԱՆ ԳԱՑԻՆ

Համրուած օրեր մնացին Համահայկական 8րդ խաղերու բացման։ Թուրքիոյ մարզական պատուիրակութիւնները կանոնաւոր դրութեամբ մարզանքներ կ’ունենան, կը պատրաստուին, խանդավառ են եւ մարզիչներու հսկողութեան ներքեւ խաղային մարտավարութեան սկզբունքները կը մշակեն մրցումներուն մէջ յաջողութիւն արձանագրելու համար։

Իսթանպուլի համահայկական խաղերու յանձնախումբի Ատենապետ Հայկարամ Գարասու եւ «Սասուն» խումբի պատասխանատուներէն Արամ Տէմիր ու Սամի Արթան Հայաստան կը գտնուին։ 

Թուրքիոյ պատուիրակութիւններու Երեւանի մէջ կեցութեան ամրագրումներու ¤ռեզերվասիոն_ գործը կարգադրուած է, որպէսզի մարզիկներ առանց սպասելու կարենան անմիջապէս բանալիները ստանալ եւ իրենց սենեակները մտնել։ 

Միւս կարեւոր հարցը վիզայի հարցն է։ Համահայկական համաշխարհային կոմիտէն Արտաքին Գործոց Նախարարութեան ներկայացուցած էր մարզիկներու, մարզիչներու եւ պատուիրակութեանց միւս անդամներու տուեալները։ Բոլորն ալ արձանագրուած են եւ արտօնուած է առանց վիզայի մուտքը՝ Հայաստան։

Մրցումներու վիճակահանութիւնը եւ ժամերը յայտնի պիտի դառնան ինը օր յետոյ՝ 28 Յուլիսին։

Նկարին մէջ կը տեսնուին ձախէն աջ՝ Վրէժ Շառոյեան, Հայկարամ Գարասու, Իշխան Զաքարեան, Արամ Տէմիր, Ռոլանտ Շառոյեան, Սամի Արթան։

https://www.facebook.com/photo?fbid=184428414617247&set=a.135021036224652

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın