Երէկ կարեւոր օր էր։ Կարեւոր օր թէ՛ Հայաստանեայց եկեղեցւոյ, թէ՛ ժողովուրդին համար։
Քրիստոսի Պայծառակերպութեան տօնն էր։ Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ տաղաւար հինգ տօներէն մէկը՝ Ս. Ծննդեան, Ս. Յարութեան, Ս. Աստուածածնի Վերափոխման եւ Ս. Խաչի տօներուն հետ նոյն կարեւորութիւնն ու հանգամանքը ունէր եկեղեցական եւ ժողովրդական աւանդութիւններու լոյսին տակ։
Նաեւ… Վարդավառ էր, ամառնային սիրուն տօնը, որ ժողովուրդին մօտ առիթ կը ստեղծէ մոռնալ ցաւերն ու հոգերը, յուզումն ու ընդվզումները, մանկանալ եւ մեծ ու փոքրով զուարճանալ ջուր սրսկելով։ Երախաները համարձակօրէն մեծերը կը ջրեն, իսկ մեծերն ալ իրենց մանկութեան օրերուն կը վերադառնան։
Մեր եկեղեցիներուն մեծամասնութեան մէջ երէկ այս տաղաւար տօնը նշուեցաւ՝ պատշաճ արարողութիւններով։ Հայաստանեայց եկեղեցւոյ քահանաները, աբեղաները, վարդապետներն ու եպիսկոպոսները զանազան եկեղեցիներուն մէջ կատարեցին իրենց պաշտօնը։
Բայց գիտէ՞ք…։
Ես զարմանքով նկատեցի, թէ չեմ գիտեր ո՛ր եկեղեցիի մէջ արարողութիւն կայ, եւ եթէ կայ… ո՞վ կը պատարագէ։
Այո՛, զարմացայ, որովհետեւ ո՛չ մէկ թերթի մէջ, ո՛չ մէկ եկեղեցի ծանուցում մը տալու ձանձրոյթը ստանձնած էր։
Յետոյ զայրացայ…։
Ա՞յս էր մեր թաղականներուն ցուցաբերած յարգանքը մեր ժողովուրդին հանդէպ։
***
Մեր բոլոր եկեղեցիներուն մէջ այլեւս նորընտիր Թաղային Խորհուրդներ կան, որոնց մէկ մասը բաղկացած է ամբողջովին նոր անդամներէ եւ որոնց համար թերեւս պիտի ըսեն որ անփորձ են։ Մէկ մասին մէջ կան նորերէ եւ հիներէ կազմուած նոր վարչական կազմեր եւ ի վերջոյ մէկ մասը գրեթէ նոյն կազմով վերընտրուած է եւ կը շարունակէ պաշտօնավարել։ Ասոնց համար անփորձութեան պատրուակն ալ ի զօրու չէ։
Դարձեալ զարմանալով զայրացայ, խորհելով որ արդեօք անոնք չե՞ն անդրադառնար որ իրենց այս արհամարհանքն ու յարգանքի պակասը ո՛չ միայն ժողովուրդին, այլ նաեւ պատմութեան հանդէպ է։
Վաղը ո՞վ պիտի կարենայ ստուգել թէ ո՞վ, ո՞ր եկեղեցւոյ մէջ, ինչպէ՞ս պատարագեր է, ո՞վ մասնակցեր է, ո՞վ ներկայ գտնուեր է։
Մեր թաղականները չե՞ն գիտեր որ թերթերն են որ կը նկարագրեն ու կը գրեն պատմութիւնը։
Եթէ յիշողութիւնը զիս չի դաւաճաներ, առաջին անգամ է որ Վարդավառի տօն մը, Քրիստոսի Այլակերպութեան տաղաւար տօն մը, մամուլին մէջ առանց որեւէ ծանուցումի անցաւ-գնաց։
Այո՛։ Թէ՛ զարմացայ, թէ՛ զայրացայ։
Ա. Հ.
İlk yorum yapan siz olun