Այս առաւօտ՝ Երեքշաբթի, 18 Յուլիս 2023-ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը ազգային բարերար հանգուցեալ Գառնիկ Եագուպեանի տիկնոջ՝ Անի Եագուպեանի, իր զաւակներուն ընկերակցութեամբ՝ Արամի եւ Անիթայի։
Վեհափառ Հայրապետը բարձր գնահատեց Եագուպեան եւ Չաթալպաշեան ընտանիքներուն անցեալի եւ ներկայի բարերարութիւնը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ս. Աթոռին, հայրենիքին եւ առ հասարակ մեր ազգին։ Այս ծիրէն ներս Նորին Ս. Օծութիւնը յիշեց տիկին Անի Եագուպեան-Չաթալպաշեանի հօր՝ Գէորգ Չաթալպաշեանի կատարած բարերարութիւնը Կաթողիկոսարանի Վեհարանի շինութեան, 1968 թուականին, եւ ամուսնոյն՝ Գառնիկ Եագուպեանի բարերարութիւնը՝ Պիքֆայայի Վեհարանի եւ եպիսկոպոսարանի շինութիւններուն։
Ապա, անոնք Վեհափառ Հայրապետին ճաշի հիւրը եղան։
Յայտնենք, որ յառաջիկայ Շաբաթ օր, 22 Յուլիս 2023-ին, պաշտօնական բացումը պիտի կատարուի վերոյիշեալ Պիքֆայայի եպիսկոպոսաց շէնքին, ներկայութեամբ հանգուցեալ Գառնիկ Եագուպեանի տիկնոջ, զաւակներուն, հարազատներուն, միաբան հայրերուն, Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան եւ համայնքային մարմիններու ներկայացուցիչներուն։
Աղբիւր։ His Holiness Aram I https://www.facebook.com/CatholicosAramI
İlk yorum yapan siz olun