«Արաս» հրատարակչութիւնը այս շրջանին ընթերցասէրներու տրամադրութեան տակ դրած է հերթական հետաքրքրական գործը։ Նոր գիրքը կը կոչուի «Patrik Avedik’in Gizemli Yaşamı, İstanbul Patrikliğinden Bastille Zindanlarına»։ Հեղինակն է Սիրվարդ Մալխասեան։ Պատրիարքական Աթոռի եւդոկիացի գահակալի կեանքի ոդիսականը խոշորացոյցի տակ առնուած է այս գիրքին մէջ։
Աւետիք Պատրիարքին վերաբերեալ այս գիրքը լոյս կը սփռէ 18-րդ դարասկիզբին Օսմանեան կայսրութեան տարածքի միսիոնարական գործունէութիւններուն եւ հայոց կեանքէն ներս այդ շրջանին յառաջացած կրօնական ու քաղաքական վէճերուն վրայ։ Գործը պատրաստելու ժամանակ Սիրվարդ Մալխասեան աշխատանք տարած է հայերէն բազմաթիւ աղբիւրներու, Օսմանեան արխիւներուն, ինչպէս նաեւ Ֆրանսայի Ազգային գրադարանի փաստաթուղթերուն վրայ, հաշուի առնելով նաեւ հեղինակաւոր պատմաբաններու կամ հետազօտողներու զանազան լեզուներով խորհրդածութիւնները։
Գիրքը հրատարակութեան պատրաստուած է Օնուր Քոչեիղիթի կողմէ, սրբագրութիւնները կատարած է Ռոպէր Քոփթաշ։ Հետաքրքիրներ վստահաբար անմիջական ուշադրութեան առարկայ դարձնեն Աւետիք Պատրիարքի առեղծուածային կեանքին վերաբերեալ այս գործը, որ խոշորացոյցի տակ կը բերէ անոր թէ՛ գահակալութիւնը եւ թէ Պասթիյի բանտին մէջ յայտնուիլը։
http://www.jamanak.com/content/եկեղեցական/18-07-2023-աւետիք-պատրիարքի-կեանքը
İlk yorum yapan siz olun