Քաղդէացի Կաթոլիկ համայնքը օժտուեցաւ նոր եպիսկոպոսով մը, յանձին Մոնս. Սապրի Անարի, որուն ձեռնադրութեան արարողութիւնը տեղի ունեցաւ 16 Յուլիս 2022, Կիրակի երեկոյեան Սէնթ Էսփրի Լատին Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ մէջ։
Ձեռնադրութեան արարողութեան նախագահեց Քաղդէացի Կաթոլիկներու Պատրիարքը Կարտինալ Մար Րաֆայէլ Լուիս Սաքօ, իր կողքին ունենալով բազմաթիւ եպիսկոպոսներ։
Արարողութեան ներկայ գտնուեցաւ Ն.Ա.Տ.Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, իր կողքին ունենալով Հոգշ. Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեանը։ Ի ժամ Սուրբ Պատարագի, պատարագիչ Պատրիարք Հօր փափաքով խունկըթ օրհնեց Նորին Ամենապատուութիւն Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը։
Քոյր եկեղեցիներու հոգեւոր պետերու ներկայացուցիչներ եւս ներկայ գտնուեցան արարողութեան։ Յունաց Պատրիարքարանէն ներկայ էր Փաիսիոս Սրբազան Եպիսկոպոսը, Ասորի ուղափառ Եկեղեցիէն Տ. Փեթրուս Կիւլչէ, Հայ Կաթողիկէ Համայնքէն Գերպ. Տ. Վարդան Ծ. Վրդ. Գազանճեան։
Այս ձեռնադրութեան արարողութեան մասնակցելու համար Ֆրանսայէն ժամանած էին շուրջ 650 Քաղդէացի համայնքի անդամներ, որոնց կը գլխաւորէին եպիսկոպոսներ եւ վարդապետներ։
Շուրջ 800 հաւատացեալներու մասնակցութեամբ կատարուած արարողութեան նորոգ ձեռնադրեալ եպիսկոպոսը անուանուեցաւ որպէս Տիյարպաքըրի եպիսկոպոս։
Արարողութեանց աւարտին հիւրերը մեծարուեցան Հիլթըն Հիւրանոցի սրահին մէջ սարքուած պաշտօնական ընթրիքին, որուն եւս մասնակցեցաւ մեր Հոգեւոր Պետը, իր կողքին ունենալով Զաքէոս Ծ. Վարդապետը։ Սոյն ընդունելութեան ընթացքին սեղանի օրհնութիւնը կատարեց Մեր Հոգեւոր Պետը։
Նորին Ամենապատուութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց Պատրիարքական Աթոռին ուղղեալ հրաւէրին համար եւ շնորհաւորեց հիւր Պատրիարքը եւ նորոգ ձեռնադրեալ Մոնս. Սապրի Եպիսկոպոսը եւ յաջողութիւն մաղթեց իր հոգեւոր ծառայութեան մէջ։
Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad
İlk yorum yapan siz olun