İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀԸ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԵՑ

Ն.Ա.Տ.Սահակ Բ. Սրբազան Պատրիարք Հայրը 15 Յուլիս Ժողովրդավարութեան եւ Ազգային Միութեան Օրուան առթիւ Թուրքիոյ Հանրապետութեան Նախագահ Վսեմաշուք Րեճեփ Թայյիպ Էրտողանի շնորհաւորական պատգամ ուղարկեց։

Նորին Ամենապատուութիւնը իր պատգամին մէջ նշեց, որ Նորին Վսեմութեան որդեգրած գիտակից կեցուածքին եւ հայրենակիցներու դրսեւորած միութեան եւ միասնականութեան ոգիին շնորհիւ պաշտպանուած են Պետութեան եւ ժողովրդավարական վարչութեան գոյատեւումը։

Մեր Հոգեւոր Պետը, անձնապէս եւ յանուն Պատկ. Կրօնական Ժողովի անդամներուն, Հոգեւոր Դասուն, Թուրքիոյ Հայ Համայնքին շնորհաւորեց Վսեմաշուք Նախագահը, նաեւ յանձինս Նորին Վսեմութեան՝ պետական աւագանին, յայտնելով որ կը մնայ աղօթող վասն յաջողութեան տարուած բոլոր աշխատանքներուն։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad 

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın