Հայ ժողովուրդի հեթանոս նախնիներ կը տօնէին Վարդավառի տօնը։ Անոնք կը հաւաքուէին Աշտիշատի Իննակեան շրջանը, որպէսզի տօնախմբեն Նոր տարին՝ Նաւասարդը։ Այնտեղ, Նոր տարուայ տօնախմբութեան օրը, մարդիկ ծաղիկներ կը նետէին իրարու, աղբիւրներէն զուլալ, զովացնող ջուր կը սրսկէին իրարու վրայ եւ կը մաղթէին, որ հայոց Նոր տարուայ Նաւասարդը երջանիկ սկիզբ մը ըլլար ամբողջ տարուայ մը։
Հայ հեթանոսներ հայկական աստուածներուն զոհեր կը մատուցանէին Իննակեան սրբարաններուն մէջ, ձիարշաւներ եւ զանազան խմբական պարերով կը յիշատակէին Նոր տարուայ գալուստը։
Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ շարք մը տօներու «քրիստոնէական իմաստ» տուաւ. իմաստ մը, որով նաեւ Վարդավառ հեթանոսական տօնը վերափոխուեցաւ Պայծառակերպութեան՝ Յիսուս Քրիստոսի Այլակերպութեան տօնի։ Այսպէս, պատմական Վարդավառը վերածուեցաւ եւ ներկայացաւ քրիստոնէական իմաստ մը ստանալով։
Հին ժամանակներուն, մինչեւ 551 թուականը, հայ ժողովուրդը Վարդավառի տօնը կը տօնախմբէր օգոստոս 11-ին։ Սակայն Մովսէս Բ. Եղիվարդեցի Կաթողիկոսի (574-604) շրջանին, այն ժամանակաշրջանէն սկսաւ վերակազմութիւնը հայկական նոր տոմարին։ Վարդավառի տօնը՝ որ վերածուեցաւ Այլակերպութեան-Պայծառակերպութեան տօնի, կապուեցաւ Զատկի հետ երեսունհինգ օրերու տեղափոխութեամբ եւ կը տօնուի՝ Զատկի հետ ետ ու առաջ շարժուելով։
Ի՞նչ է իմաստը Վարդավառի տօնին։
Ինչպէս նախապէս նշուեցաւ, Այլակերպութեան կամ Պայծառակերպութեան տօնն է այն։ Յիսուս իր երկրային կեանքի վերջին օրերուն իր Պետրոս, Յակոբոս եւ Յովհաննէս աշակերտներուն հետ բարձրացաւ Թաբոր լեռը։ Այնտեղ, երբ աշակերտները խօսքով տարուած էին, յանկարծ Յիսուսի դէմքը արեգակէն աւելի պայծառացաւ. իսկ զգեստները, ինչպէս Աւետարանը կը վկայէ. «դարձան սպիտակ, ինչպէս լոյսը»։ Այդ պահուն աշակերտները յանկարծ նկատեցին Մովսէսը եւ Եղիան Յիսուսի աջ եւ ձախ կողմերը կանգնած։ Քիչ յետոյ սպիտակ ամպ մը եկաւ եւ Յիսուսը ծածկեց աշակերտներուն աչքէն։ Ամպի մէջէն Սուրբ Հոգին հետեւեալը ըսաւ. «Սա է իմ սիրելի Որդին, որուն հաւնեցայ, լսեցէ՛ք զայն»։ Աստուած Ի՛նքն է որ կը խօսէր…
Ի՜նչ հոյակապ տեսիլք. այդ տեսիլքին միջոցով Աստուած ինքզինք կը բացայայտնէր մարդկութեան։ Այստեղ մարդկութիւնը կը ներկայացնէին Պետրոսը, Յակոբոսը եւ Յովհաննէսը՝ որոնք իրապէ՛ս ականատես վկաները եղան Թաբոր լերան բարձունքին իրենց Վարդապետին պայծառակերպութեան։ Այդ Վարդապետը իրօք Աստուա՛ծ էր աշխարհ իջած, եւ անոնք վկաները հանդիսացան Անոր աստուածային փառքին։
Մենք, մեր կեանքին մէջ յաճախ յուսահատութիւններ, յուսալքումներ կ՚ապրինք, փորձութեան, յոռետեսութեան, լաւատեսութեան պահեր կ՚ապրինք, վհատութեան կը մատնուինք։ Մեր կեանքին մէջ կան նաեւ չարիքի պահեր, իբրեւ պատուհաս, յանկարծակի կը հասնին մարդոց։ Յաճախ մարդկային ճակատագրերու կործանման պատճառ կը դառնան։ Քրիստոս իր պայծառակերպութեամբ մեզ պարգեւեց սիրոյ, զոհողութեան, մարդասիրութեան, սրտակցութեան եւ հոգեւոր ուրախութեան պահեր։ Իր պայծառակերպութեամբ Յիսուս մեզ արժանացուց հոգեւոր գեղեցկագոյն երջանկութեան։ Սրբազան շարականագիրքը կ՚ըսէ. «Տէ՜ր, մեզի շնորհէ այդ երջանիկ պահը՝ որ կարողանանք մեր մարմինները մաքրել եւ պատրաստել քեզի համար, որպէսզի դուն բնակիս մեր մէջ»։
Բայց, սիրելի՜ներ, չի բաւեր պարգեւ ստանալ, այլ պէտք է անոր կարեւորութեան, անոր արժէքին անդրադառնալ եւ ընդունիլ զայն հոգւով եւ իւրացնել զայն։ Զայն ունենալ եւ իւրացնելն ալ չի՛ բաւեր, այլապէս, պէտք է ան գործադրել մեր կեանքին մէջ՝ կեանքի վերածել զայն։ Ի՜նչ ներքին ծարաւ Աստուծոյ հետ հաղորդուելու, աստուածայինը նաեւ երկրաւոր դարձնելու եւ այդպիսով մարդկութեան մէջ սէր եւ արդարութիւն, խաղաղութիւն տարածելու։
Եւ այսօր, սիրելի՜ներ, Յիսուս մեր հոգեւոր կեանքին վերստին կ՚երեւի մեծ փառքով։
Թող Յիսուս մեզ «նոր կեանք» պարգեւէ. թող Յիսուսի պայծառ դէմքէն ճառագայթած լոյսը վերափոխուի յոյսի. եւ յոյսը վերափոխէ մեր տխրութիւնը՝ ուրախութեան, վիշտը եւ ցաւը՝ մխիթարութեա՜ն…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յուլիս 14, 2023, Իսթանպուլ
http://www.jamanak.com/content/հարթակ/15-07-2023-վարդավառ՝-տօն-պայծառակերպութեան
İlk yorum yapan siz olun