Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց միաբանութենէն երկու արժէքաւոր անդամներ արդէն եպիսկոպոսի թեկնածու դարձած են։ Սուրբ Աթոռի աղբիւրները տեղեկացուցին, որ ընծայարանի՝ Ժառանգաւորաց վարժարանի տեսուչ Տ. Թէոդորոս Վրդ. Զաքարեան եւ կալուածոց տեսուչ Տ. Կորիւն Վրդ. Պաղտասարեան միաբանութեան կողմէ ընտրուած են՝ որպէս եպիսկոպոսի թեկնածու։ Մինչ այդ, այս երկու հոգեւոր հայրերը, որ երկար տարիներէ ի վեր Սուրբ Աթոռին նուիրեալ ծառայութիւն կը մատուցեն, ծայրագոյն վարդապետի կոչման ալ արժանացած են։ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան աղբիւրները հաղորդեցին, որ ձեռնադրութեան թուականը պիտի հրապարակուի աւելի ուշ։ Երկու միաբաններու եպիսկոպոսացման թեկնածու ցոյց տրուելու վերաբերեալ որոշումը Երուսաղէմի մէջ առնուած է անցեալ շաբթուան մէջ՝ յուլիսի 6-ին։
Հարկ է յիշեցնել, որ յառաջիկայ հոկտեմբերին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ նախատեսուած է եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւն, որ պիտի յաջորդէ հոկտեմբերի 1-ին կայանալիք միւռոնօրհնութեան։
Վերջին անգամ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան կողմէ եպիսկոպոսի թեկնածու ցոյց տրուած էին Տ. Սամուէլ Ծայրագոյն Վարդապետ Աղոյեան եւ այժմ կարգալոյծ՝ Տ. Պարէտ Ծայրագոյն Վարդապետ Երէցեան։ Բաւական երկար տարիներ առաջ, Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը նպատակայարմար չէր դատած այժմ արդէն կարգալոյծ հոգեւորականի եպիսկոպոսացումը։ Հայրապետական տնօրինութիւնը այդ ժամանակ միանշանակ չէր ընկալուած եւ յառաջացած տարակարծութիւններու եւ լարուածութեան մթնոլորտին մէջ Երուսաղէմի պատրիարքը միւս միաբանին ալ ձեռնադրուելուն արգելք հանդիսացած էր։ Այժմ, տարիներ անց Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին կողմէ վերապահութեան պատճառ դարձած թեկնածուն արդէն դարձած է կարգալոյծ։ Սա արդէն ինքնաբերաբար եկած է ժամանակի մէջ վերահաստատել Հայոց Հայրապետին հեռատեսութիւնը։ Այդ շրջանէն ի վեր Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութիւնը եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան համար որեւէ դիմում չէր կատարած Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնին։ Այժմ, այս առումով դրական եւ ողջունելի իրադարձութիւն մը կը համարուի՝ երկար ժամանակ անց այս երկու միաբաններուն թեկնածու ցոյց տրուիլը։ Ընդհանուր առմամբ, սաղիմական երկու միաբանները եկեղեցական անդաստանէ ներս իրենց գործունէութիւնով գնահատուած են։
Երուսաղէմի Սուրբ Աթոռի երկու նոր սրբազաններով օժտուիլը յոյս կը ներշնչէ յառաջիկայ շրջանին անոր գործունէութեան աւելի կենսունակ դառնալուն առումով՝ քանի երկար տարիներէ ի վեր հայոց վանքէն ներս մարդուժի սղութիւն խնդրոյ առարկայ է։ Նոր եպիսկոպոսներու ձեռնադրութեան դիմումը կը զուգադիպի նաեւ վարչական առումով բարդ ժամանակաշրջանի մը, երբ Երուսաղէմի Սուրբ Աթոռի գահակալը վարչական գետնի վրայ լուրջ մարտահրաւէրներու կուրծք կու տայ՝ «Կովերու պարտէզ» ազգապատկան կալուածի վարձակալութեան վիճելի գործարքի հանգամանքներով պայմանաւորուած։
İlk yorum yapan siz olun