Գոհունակութեամբ կը տեղեկանանք, թէ «Արաս» հրատարակչութիւնը վերջերս ընթերցասէրներու տրամադրութեան տակ դրած է հայերէն նոր գիրք մը, որ բանաստեղծութիւններու ժողովածոյ մըն է։ Այսպէս, «Արաս» լոյս ընծայած է բանաստեղծ Իգնա Սարըասլանի «Գոյներ, հետքեր» գիրքը, որ կողքի մը տակ կը համախմբէ հեղինակի 2000-ական թուականներու արտադրանքէն նմոյշներ։ Գիրքը արտադրութեան պատրաստած է Եդուարդ Թովմասեան։ Գրաշարումը կատարուած է Լինտա Կիւլպաղի կողմէ, իսկ կողքի ձեւաւորումը՝ Մելիսա Արսէնեանի։
Հայ բանաստեղծութեան համակիրները վստահաբար անմիջական ուշադրութեան առարկայ դարձնեն Իգնա Սարըասլանի այս նոր գիրքը։
Իգնա Սարըասլան պոլսահայ արդի բանաստեղծութեան վաստակեալներէն մին է։ Իր գրիչը բանաստեղծութեան սիրահարներու կողմէ միշտ գնահատուած է եւ ան այսօր ալ կը շարունակէ մնալ իր սերունդին ուրոյն ներկայացուցիչը։
http://www.jamanak.com/content/թրքահայ-կեանք/14-07-2023-«գոյներ-եւ-հետքեր»-հաւաքածուն
İlk yorum yapan siz olun