Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 12 Յուլիս 2023, Չորեքշաբթի երեկոյ, մասնակցեցաւ Ֆրանսայի Ազգային օրուան առթիւ Ֆրանսայի Լիազօր Դեսպան Հէրվէ Մակրոյի եւ Ստանպուլի Աւագ Հիւպատոս Օլիվիյէ Կուվէնի սարքած ընդունելութեան։
Ֆրանսական Պալատի մէջ կայացած ընդունելութեան ընթացքին, Պատրիարք Հայրը շնորհաւորեց Ֆրանսայի Ազգային տօնը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց յարգելի Լիազօր դեսպանին եւ Աւագ Հիւպատոսին սոյն ընդունելութեան համար։
Սոյն ընդունելութեան ընթացքին Նորին Ամենապատուութեան կ’ընկերանար գաւազանակիր Արժ. Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։
Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad
İlk yorum yapan siz olun