İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՀԵՀԵՄ-Ի ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱՑ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻՆ ՔԱՂԱՔԷՍ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր օրհնութեամբ երիտասարդներու 10 հոգինոց խումբ մը 5-10 Յուլիս 2023 թուականներուն մասնակցեցաւ ՀԵՀԵՄ-ի (Հայ Եկեղեցւոյ Համաշխարհային Երիտասարդական Միաւորում) համագումարին, որ կը կայացաւ Հայաստանի Աղվերան քաղաքին մէջ: Ստանպուլի խումբը կը գլխաւորէր Արժ. Տ. Տրդատ Աւ. Քհնյ. Ուզունեան: Խումբին մաս կը կազմէին նաեւ Հոգշ. Տ. Գասպար Աբղ. Կարապետեան, Արժ. Տ. Մելքոն Քհնյ. Փնարճեան եւ Նորա Շէնեան:

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Սրբազնագոյն Կաթողիկոսի օրհնութեամբ կազմակերպուած համագումարը կայացաւ Կոտայքի թեմի Աղվերան գաւառի մէջ: Համագումարին կը նախագահէր ՀԵՀԵՄ-ի հոգեւոր առաջնորդ եւ Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Յովնան Արքեպս. Տէրտէրեան: Ներկայ էին նաեւ Ռումանիոյ թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Տաթեւ Եպս. Մուրատեան եւ Գուգարաց թեմի առաջնորդ Յովնան Եպս. Յակոբեան: Համագումարը կազմակերպուած էր ՀԵՀԵՄ-ի հոգեւոր տեսուչ Հոգշ. Տ. Թովմա Վրդ. Խաչատրեանի եւ ՀԵՀԵՄ-ի անձնակազմի կողմէ:

Համագումարի այս տարուայ բնաբանն էր «Ս. Էջմիածինը մեր հաւատքի ծննդավայր»: Համագումարի կը մասնակցէին նաեւ ԱՄՆ-էն, Ռուսաստանէն, Աւստրիայէն, Գերմանիայէն,Ռումինիայէն, Եգիպտոսէն, Իրաքէն եւ Հայաստանի զանազան թեմերէն աւելի քան 150 երիտասարդներ:

Համագումարի ընթացքին երիտասարդներ մասնակցեցան զանազան դասաւանդութիւններու եւ կատարեցին՝աշխատութիւններ: Համագումարը ունէր նաեւ ուխտագնացութեան բնոյթ: Ուխտագնացութեան ծիրէն ներս երիտասարդներ 7 Յուլիս 2023, Հինգշաբթի, առիթն ունեցան ընդունուելու Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Հայրապետի կողմէ: Նորին Սրբութիւնը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Վեհարանի պարտէզին մէջ ընդունեց մասնակիցները եւ տուաւ իր հայրական խրատները: Վեհափառ Հայրապետը իր խօսքին մէջ իր ողջոյնները ուղարկեց նաեւ Ամենապատիւ Ս. Պատրիարք Հօր եւ բարձր գնահատեց Պատրիարքական Աթոռոյ բազմանդամ մասնակցութիւնը այս տարուանհամագումարին: Երիտասարդներ մի առ մի ստանալով Հայոց Հայրապետի օրհնութիւնը,շարունակեցին ուխտագնացութիւնը: Նոյն օր այցելութիւն տրուեցաւ Ս. Գայիանէ, Ս. Հռիփսիմէ վանքերը, Զուարթնոց տաճարի փլատակնեը:

Իսկ 9 Յուլիս, Կիրակի, ուխտաւորներ մասնակցեցան Սուրբ Պատարագի՝Չարենցաւանի Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ մէջ: Պատարագիչն էր Գերշ. Տ. Յովնան Արքեպս. Տէրտէրեան, առընթերակայութեամբ Հոգշ. Տ. Գասպար Աբղ. Կարապետեանի եւ Արժ. Տ. Մելքոն Քհնյ. Փնարճեանի: Ս. Սեղանին կը սպասարկէին Ստանպուլէն Բրկ. Պարգեւ Ուհանեան եւ Սարվէն Թուղլա Ուր. Դպիրներ: Իսկ Պոլսոյ խումբէն մասնակցող միւս երիտասարդներ մաս կազմեցին երգչախումբին: Արարողութեան ներկայ էր նաեւ Կոտայքի թեմի Առաջնորդ Առաքել Եպս. Քարամեան: Պատարագիչ Սրբազան Հայրը իր քարոզին սկիզբը իր գնահատանքը յայտնեց նաեւ բոլոր մասնակիցներուն եւ մի առ մի նշելով բոլոր ներկայ հոգեւորականներուն անունները բարձր գնահատեց Պատրիարքական Աթոռոյ մասնակցութիւնը երէք հոգեւորականներով:

Յաւարտ ժողովներու, մասնակիցներուն բաժնուեցան մասնակցութեան վկայագիրներ։

Խումբը քաղաքս վերադարձաւ 11 Յուլիս, Երեքշաբթի վաղ առաւօտուն։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın