İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԲԱՐՁՐ ՏՐԱՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆ

Համահայկական խաղերու Իսթանպուլի կարգադիր յանձնախումբի ատենապետ Հայկարամ Քարասու կը պատրաստուի այցելել Հայաստան։ Այս երկուշաբթի ան Երեւան պիտի այցելէ՝ վերջին տեսքը տալու համար այն կարգադրութիւններուն եւ նախապատրաստութիւններուն, որոնք իսթանպուլահայ մարզական պատուիրակութեան մօտալուտ ուղեւորութեան տեսակէտէ անհրաժեշտ են։ Օգոստոսի 5-ին Կիւմրիի մէջ պիտի սկսին Համահայկական խաղերը, որոնք հետզհետէ առաջնահերթօրէն կը զբաղեցնեն օրակարգը։ Այս անգամ եւս համայնքային շրջանակներու անմիջական ուշադրութեան առարկայ են Համահայկական խաղերը՝ նկատի ունենալով, որ թրքահայ համայնքէն երկու բազմանդամ խումբ պիտի մասնակցի այս մեծ մրցաշարքին։

Երեւան այցելութեան ընդառաջ Հայկարամ Քարասու մեզի մանրամասնութիւններ հաղորդեց Իսթանպուլի պատուիրակութեան կապակցութեամբ։ 8-րդ Համահայկական խաղերը, որոնք երկու շաբաթ պիտի տեւեն, կ՚ընդգրկեն 17 մարզաձեւ։ Իսթանպուլահայ խումբը մրցաշարքին մասնակցութիւն պիտի բերէ 10 մարզաձեւերու մէջ՝ ֆութպոլ, պասքեթպոլ, վոլէյպոլ (իգական եւ արական), ճատրակ, փինկ-փոնկ, թենիս, մարմնամարզ, ֆութսալ եւ հեծանիւ։ Իսթանպուլի խումբերը մրցաշարքի օրերուն հանդէս պիտի գան Հայաստանի ամենատարբեր քաղաքներուն մէջ։ Բացի քաղաքամայր Երեւանէն, հանդիպումներ նախատեսուած են Աբովեան, Կիւմրի, Արթիկ, Աշտարակ, Չարենցաւան, Ծաղկաձոր, Արարատ եւ Սեւան քաղաքներուն մէջ։

Հայկարամ Քարասու յայտնեց, որ իսթանպուլահայ խումբին մէջ 39 մարզիկ կը գտնուի։ Բաց աստի, մարզիչներուն առընթեր վարչայիններ եւ հիւրեր ալ ընդգրկուած են պատուիրակութեան մէջ։ Անոնց վրայ կու գան աւելնալ մամլոյ ներկայացուցիչներ։

Քարասու Համահայկական խաղերու նախօրեակին դիտել տուաւ, որ Իսթանպուլը ներկայացնելիք մարզիկները ընդհանրապէս ընտրուած են՝ Շիշլի եւ Թաքսիմ մարզակումբերու առանցքներուն շուրջ ծաւալուած գործունէութիւնով։ Հնարաւորութիւն ընձեռուած է, որպէսզի մարզիչի պաշտօն ստանձնած դէմքերը կարողանան ընտրութեան, այլընտրանքի հնարաւորութիւն ունենալ։ Անշուշտ, համայնքի այլ մարմնամարզի հարթակներուն վրայ հանդէս եկած մարզիկներն ալ չեն անտեսուած, որպէսզի մեր համայնքը ներկայացուի լաւագոյնս։

Ատենապետ Քարասու շեշտեց, որ «Իսթանպուլ» եւ «Սասուն» անուանեալ խումբերը այս անգամ շատ աւելի միաձուլուած ձեւով կը մասնակցին մրցաշարքին։ Ան սկզբունքօրէն համամիտ է, որ Շիշլի եւ Թաքսիմ մարզակումբերը գործնականօրէն մեր երիտասարդ մարզիկներու շտեմարանները կը համարուին։ Մօտալուտ Համահայկական խաղերուն համար Շիշլի մարզակումբի մարդուժէն օգտուիլ հնարաւոր եղած է 8 մարզաձեւերու պարագային։ Դժբախտաբար, Թաքսիմ մարզակումբէն այս անգամ օգտուիլ հնարաւոր չէ եղած։ Ուստի, ֆութպոլի եւ ֆութսալի պարագային «Իսթանպուլ» եւ «Սասուն» խումբերը հասարակաց մարդուժ մը ձեւաւորած են։ Երկու խումբերը արդէն մրցաշարքի օրերուն նոյն պանդոկին մէջ պիտի իջեւանին։ Խմբային մարզաձեւերու առընթեր, Հայկարամ Քարասու մեծապէս կը կարեւորէ նաեւ անհատական մարզաձեւերու մէջ մեր համայնքին ներկայացումը։ Իսթանպուլահայութեան ներկայացուցիչները Համահայկական խաղերուն մասնակցութիւն պիտի բերեն ճատրակի, թենիսի, մարմնամարզի, հեծանիւի եւ փինկ-փոնկի մէջ։ Ընդ որում, փինկ-փոնկի պարագային մասնակցութիւնը թէ՛ անհատական եւ թէ խմբային է։

8-րդ Համահայկական խաղերուն ընդառաջ Հայկարամ Քարասու մամուլին տեղեկացուց, որ այս մասնակցութիւնը մեր համայնքին տեսակէտէ նիւթական մեծ բեռ մը չէ դարձած, որովհետեւ մեր հաստատութիւններու պիւտճէէն ոչինչ ծախսուած է։ Համայնքը Համահայկական խաղերուն կը մասնակցի՝ շնորհիւ բարերարներու խրախուսանքին եւ անհատ համակիրներու կողմէ ապահովուած նպաստին։ Ան այս շրջանակին մէջ մասնաւորապէս երախտագիտութիւն կը յայտնէ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանին նկատմամբ, որ իր աղօթքն ու օրհնութիւնը չէ զլացած։ Քարասու կը կարեւորէ նաեւ Գրիգոր Քիւրտեանի եւ Տիգրան Ալթունի կողմէ կատարուած դերակատարութիւնը՝ Իսթանպուլի խումբի ներկայութեան առումով։ Մեր բոլոր բարերարներուն նկատմամբ շնորհակալութեան զգացումները արտայայտելու առընթեր, Հայկարամ Քարասու կարեւորած է նաեւ համայնքային մամուլին կողմէ ցուցաբերուած դրական վերաբերմունքը։ 8-րդ Համահայկական խաղերուն ընդառաջ ան երախտագիտական պարտք կը համարէ վերյիշել Իսթանպուլի կարգադիր յանձնախումբի առաջին նախագահ Վարուժան Արսլանեանի ջանքերով հաստատուած ամուր նախընթացները։ Ան նոյնպէս պարտք կը համարէ ոգեկոչել ողբացեալք Ղազարոս Ունանն ու Նազար Հանչէրը, ինչպէս նաեւ Համահայկական խաղերու ռահվիրայ՝ հոգելոյս դեսպան Աշոտ Մելիք-Շահնազարեանը, որ յղացած էր այս նախաձեռնութեան գաղափարը եւ եղած էր Համաշխարհային կոմիտէի առաջին նախագահը։

Հայկարամ Քարասու յայտնեց նաեւ, որ մօտալուտ մրցաշարքին առթիւ «Իսթանպուլ» խումբին մէջ ընդգրկուած մարզիկներուն գրեթէ կէսը առաջին անգամ Հայաստան պիտի այցելէ։ Սա, իր համոզմամբ, շատ կարեւոր հանգամանք մըն է։ Ան կը շեշտէ, որ իրենց կողմէ գործադրուած ջանքերուն եւ Համաշխարհային կոմիտէին կողմէ ցուցաբերուած վերաբերմունքին շնորհիւ՝ Համահայկական խաղերու ընթացքին թրքահայ խումբերուն նկատմամբ ժամանակի ընթացքին ապահովուած է համակրանք։ Բոլոր մարզաձեւերու պարագային մեր համայնքի խումբերուն կը տրամադրուին մասնաւոր փոխադրամիջոցներ եւ ուղեցոյցներ։ Հայկարամ Քարասու ցաւով կը վերյիշէ մեր համայնքը անցեալի մէջ ներկայացուցած կարգ մը մարզիկներուն կողմէ թոյլ տրուած անվայել վարքագիծը ու կը շեշտէ, որ այդ բոլորը իսկապէս շատ նեղ կացութեան մատնած էին մեր լուսահոգի վարչայինները։ Ան կը շեշտէ, որ այժմ այսպիսի խնդիրներու ծագիլը գրեթէ անհաւանական է։ Համաշխարհային կոմիտէի նախագահ Իշխան Զաքարեանի հետ Իսթանպուլի կարգադիր յանձնախումբը ունի շատ ամուր յարաբերութիւն մը։ Իշխան Զաքարեան, որ խաղերուն ընդառաջ երկու անգամ Իսթանպուլ այցելեց, խորապէս համոզուած էր, թէ թրքահայութեան ներկայացուցիչները անկեղծօրէն բարեացակամութեամբ տրամադրուած են։ Բացի Հայկարամ Քարասուէն, Համաշխարհային կոմիտէին հետ սերտօրէն կը համագործակցին Շիշլի մարզակումբի վարչութեան ատենապետ Ալէն Թեքպըչաք ու մեր ազգայիններէն Տիգրան Ալթուն եւ Էֆրիմ Պաղ, որոնք անմիջականութիւն ապահոված են բոլոր հարթութիւններու վրայ։

Քարասու մեր նկատառման յանձնեց երկար ցուցակ մը, որ կը ցոլացնէ այն միջավայրերը, մարզադաշտերը կամ մարզադահլիճները, ուր մարզուած ու մրցաշարքին պատրաստուած են թրքահայ մարզիկները։ Ան բոլոր պատասխանատուներուն նկատմամբ կ՚արտայայտէ իր շնորհակալութիւնը։ Ատենապետը 8-րդ Համահայկական խաղերուն ընդառաջ կ՚ընդգծէ, որ իսթանպուլահայ խումբին հիմնական նպատակն է լաւագոյնս ներկայացնել մեր համայնքը։ Սա առաջնահերթ ու անշեղ սկզբունքի մը բնոյթը ունի։ Մնացեալը, անշուշտ, մարմնամարզի ոգիէն կը բխի։ Իսթանպուլի խումբերը, Հայկարամ Քարասուի խօսքով՝ եղբայրական մրցակցութեան մթնոլորտի մէջ պիտի փորձեն հասնիլ հնարաւոր առաւելագոյնին։ Համահայկական խաղերու եւ ընդհանրապէս մարմնամարզի ոգիին յարիր մրցապայքար մը յառաջ պիտի տարուի եւ Հայկարամ Քարասու վստահութիւն կը յայտնէ, թէ իսթանպուլահայ խումբը բարձր տրամադրութեամբ պիտի վերադառնայ եւ պատուիրակութեան իւրաքանչիւր անդամին տեսակէտէ այս խաղերուն բերուելիք մասնակցութիւնը եզակի փորձառութեան մը պիտի վերածուի երկարաժամկէտ առումով։

http://www.jamanak.com/content/թրքահայ-կեանք/13-07-2023-բարձր-տրամադրութիւն

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın