İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՈՉ ԵՒՍ Է ՀԱՆՐԱՅԱՅՏ ՊԱՏՄԱԲԱՆ ԵՒ ԳԻՏՆԱԿԱՆ՝ ՓՐՕՖ. ՌԻՉԸՐՏ ՅՈՎՀԱՆՆԻՍԵԱՆ

Երկուշաբթի, Լոս Անճէլըսի մէջ իր մահկանացուն կնքեց հանրայայտ պատմաբան եւ գիտնական Փրօֆ. Ռիչըրտ Յովհաննիսեան։ Ան 90 տարեկան էր։

Փրօֆ. Ռիչըրտ Յովհաննիսեան հեղինակած է Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան ամբողջական պատմութեան քառահատոր կոթողային գործը, հիմնած է ու տասնամեակներ շարունակ վարած՝ «Եու. Սի. Էլ. Էյ» համալսարանի Արդի հայոց պատմութեան ամպիոնը։

Ռիչըրտ Յովհաննիսեանի մահուան լուրը բօթեց իր որդին՝ Հայաստանի առաջին Արտաքին Գործոց Նախարար, քաղաքական գործիչ Րաֆֆի Յովհաննիսեան, որ կը ղեկավարէ Երեւանի «Ազգային ու միջազգային ուսումնասիրութւններու հայկական կեդրոն»ը։

Յարգարժան գիտնականը իր կեանքով ու գործունէութեամբ մեծ ազդեցութիւն ունեցաւ ազգային իրականութեան բոլոր երեւոյթներուն վրայ։ Փրօֆ. Յովհաննիսեան հայկական հարցը բերաւ նոր լոյսին տակ, տասնամեակներու ընթացքին ակադեմական բազմաթիւ իրագործումներու միջոցաւ չափանիշը դրաւ հայոց պատմութեան ուսումնասիրութեան՝ համբաւաւոր գիտական կեդրոններու մէջ։

Փրօֆ. Յովհաննիսեան իր ետին կը թողու պատկառելի վաստակ մը, որ մնայուն ազդեցութիւն ունի ներկայի ու անցեալի սերունդներուն վրայ։

https://www.normarmara.com/arsiv2023-2/120723lu.html

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın