İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԴԱՍԱԿԱՆ ԵՐԱԺՇՏՈՒԹԵԱՆ ԳԻՇԵՐ՝ ԳՆԱԼԸ ԿՂԶԻԻ ՄԷՋ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր հովանաւորութեամբ եւ օրհնութեամբ կազմակերպուած «Մենք ԵՐԳենք» խորագրեալ երաժշտական երեկոյթներու երկրորդը տեղի ունեցաւ 12 Յուլիս 2023, Չորեքշաբթի, ժամը 21.00-ին, Գնալը Կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ պարտէզը։

Հանդիսութեան ներկայ էին Կղզեաց Հոգեւոր Հովիւ՝ Հոգշ. Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, Պատրիարքական Փոխանորդ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան, Գաւառի Տեսուչ Արժ. Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեան, Արժ. Տ. Ներսէս Քհնյ. Այվազեան, Դպրապետ Բրշ. Արթուն Սրկ. Թէքիրօղլու, երիտասարդներ եւ երաժշտասէր հասարակութիւնը։

Հանդիսութեան սկիզբը եկեղեցւոյ երիտասարդներէն Նարօտ Զուրնաճը բեմ բարձրացաւ եւ բարի գալստեան խօսք արտասանեց։ Ապա, եւրոպական դասական երաժշտութենէ նմոյշներ ներկայացուց նախ Միքայէլ Էքմէքճին եւ ապա Պարետ Չաղլըչուպուքճուն։ Լսելի դարձան Պէթհովէնի, Շոփէնի նման հանճարներու գործերը։

Հանդիսութեան երկրորդ բաժինը առաւել եւս յատկանշական բնոյթ ունէր, քանի որ երիտասարդներէն Պարետը, որպէս երաժշտութեան մարզի հետեւող աշակերտ, առաջին անգամ համայնքիս անդամներուն հանդէս եկաւ նման տարողութեամբ երաժշտական հանդէսով։ Ինք հակիրճ տեղեկութիւններ տուաւ նաեւ գործերու մասին։ Գեղեցիկ անակնկալ մը եւս տեղի ունեցաւ ու իր մայրը Մարալ Այվազ Չաղլըչուպուքճու երգեց «Օրօր» երգը եւ Պարետը դաշնակով ընկերացաւ երգեցողութեան։ Իսկ յաջորդիւ, ծրագրի երաժշտական խորհրդատու Յակոբ Մամիկոնեան նուագեց «Ազգ Փառապանծ» երգը եւ բոլոր ներկաներ միացան երգեցողութեան։

Հանդիսութեան աւարտին հուսկ բանքը կատարեց Յարութիւն Վարդապետ եւ յայտնեց, որ Պատրիարքական Աթոռոյ հովանաւորութեամբ կազմակերպուած երաժշտական հանդիսութիւնները հաւաստիքն էր Սրբազան Պատրիարք Հօր երիտասարդաց հանդէպ տածած անհուն սիրոյն։

Հայր Սուրբը, յայտնեց որ ծրագիրը իր պտուղները կուտար եւ երիտասարդներ երաժշտական ճամբով կը ներգրաւուէին համայնքային կեանքին ու կը ներկայացնէին իրենց հանճարը։ Ան յատկապէս անդրադարձաւ Պարետի յաջողութեան ու շեշտեց, որ ինք եղած էր թոռնիկը՝ նորոգ հանգուցեալ Գէորգ Չաղլըչուպուքճուի եւ մայրն ալ եղած էր դպրաց դասու անդամ։ Հետեւաբար, հայ մշակոյթի եւ յատկապէս երգի նկատմամբ սէրը ընտանիքի ճամբով փոխանցուած էր։ Հայր Սուրբը, այս մէկը օրին ցոյց տալով, ըսաւ որ «մենք կը տնկենք հունտը առանց գիտնալու թէ երբ պիտի աճի ան։ Բայց վստահ ենք, թէ՝ օր մը անակնկալօրէն հունտը պիտի տայ իր պտուղը»։ Ապա, երիտասարդներուն նուիրեց յուշախաչեր։

Հուսկ բանքէն յետոյ, հանդիսութիւնը իր աւարտին հասաւ «Տէրունական Աղօթք»ի երգեցողութեամբ, որուն դաշնակով ընկերացաւ Պարետը։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın