İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Համահայկական ութերորդ խաղերուն ընդառաջ (2)

«ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ՝ ԽԱՂԵՐՈՒ ԻՍԹԱՆՊՈՒԼԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻ ԱՏԵՆԱՊԵՏ ՀԱՅԿԱՐԱՄ ԳԱՐԱՍՈՒԻ ՀԵՏ»

Զրոյցը վարեց՝ ՆԱԻՐԱ ՍԻՒԶՄԷ

Ն. Ս.- Շարունակենք մեր զրոյցը։

Պր. Հայկարամ, ինչպէ՞ս կազմուեցաւ Իսթանպուլի համահայկական խաղերու յանձնախումբը. որո՞նք ատենապետեցին, խաղերու համաշխարհային կոմիտէի մէջ Իսթանպուլի ներկայացուցիչներու ընտրութիւնը ինչպէ՞ս եւ որո՞նց կողմէ կատարուեցաւ։ Ինչպէ՞ս յաջողեցաք կայուն գնացքի մը մէջ դնել խաղերուն մասնակցելու գործընթացը՝ իր կարգ-կանոնով։

Հ. Գ.- Մենք առաջին իսկ օրէն աշխատեցանք կանոնաւոր գործադրութիւններով։ Ես թէեւ համաշխարհային կոմիտէի անդամ չեմ եղած, 1998ի այդ օրերուն նոյնիսկ Շիշլիի ակումբի վարչութեան Ատենապետն իսկ չէի, բայց միշտ ընկերացայ Իսթանպուլէն նշանակուած անդամներուն, մասնակցեցայ ժողովներուն, յիշատակներ ամբարեցի, ընկերներ ու բարեկամներ գտայ Հայաստանի մէջ եւ Սփիւռքի գաղթօճախներէն։

Աշխարհայեացքս փոխուեցաւ, արեւելահայերէնը նոյնպէս տարիներու ընթացքին հարազատ դարձաւ ինծի։ Ըսեմ որ համաշխարհային կոմիտէի մէջ Իսթանպուլի առաջին պատուիրակը եղած է Մաժակ Չաքըր-Օհանեան։ Իրեն յաջորդեցին Ղազարոս Ունան, Տիգրան Ալթուն եւ Էֆրիմ Պաղ։ Այս վերջինը կը ներկայացնէր Սասունցիները, ուստի Ղազարոս Ունանի մահէն ետք Իսթանպուլի ներկայացուցչի աթոռը թափուր մնաց։ Իշխան Զաքարեանի եւ Տիգրան Ալթունի հետ կարծիքի փոխանակում ընելէ ետք մեր ընտրութիւնը կեդրոնացաւ Շիշլիի ակումբի վարչութեան Ատենապետ Ալէն Թէքպըչաքի վրայ։ Հոս տեղին է նշել որ համաշխարհային կոմիտէի մէջ անդամներ որոշ շրջանի մը համար չեն ընտրուիր, պաշտօնավարման ժամանակի սահմանափակում չկայ։

Գալով Իսթանպուլի կազմակերպիչ յանձնախումբին, մենք վարչական գործերու համար կանոնադրութիւն մը պատրաստեցինք. ես էի հեղինակը։ Որոշեցինք որ Ատենապետ մը երկու շրջան ղեկավարէ։ Այդպէս է որ Վարուժան Արսլանեանին յաջորդեց Ղազարոս Ունան, իսկ 2015էն սկսեալ այդ պատուաբեր գործը դրուեցաւ իմ ուսերուն վրայ։

Ն. Ս.- Ի՞նչ տուին մեզի համահայկական այս խաղերը։ 1999ի համահայկական խաղերու մասնակիցներու քանի՞ տոկոսն է որ նախապէս այցելած էր Հայաստան, ծանօթ էր հայրենի երկրին։ Ի՞նչ էր առաջին տպաւորութիւնը՝ մարզական պատուիրակութեան անդամներուն մօտ։

Հ. Գ.- Բոլորս ալ շատ լաւ գիտենք որ հայկական սփիւռքը ձեւաւորուած է 1915ի տխուր դէպքերու հետեւանքով։ Այնուհետեւ, Մերձաւոր Արեւելքի երկիրներէն ներս, հոն ուր ձեւաւորուած էին կազմակերպեալ գաղթօճախներ, քաղաքացիական պատերազմներ տեղի ունեցան եւ ստիպեցին որ հայեր իրենց երկրորդ հայրենիքներէն ալ գաղթեն եւ նոր երկինք գտնեն ապրելու համար։ Ահաւասիկ Սփիւռքի հայերը Հայաստանի հետ կապելու լաւագոյն կամուրջն է որ հանդիսացան համահայկական մարզական խաղերը, ողիմպիականները, որովհետեւ մարզանքը ամէնէն տարածուն միջոցն է մարդիկը իրարու մօտեցնելու համար։

1999ի առաջին խաղերուն մասնակից պատուիրակութեան անդամները,- բացի մէկ քանի հոգիէ,- առաջին անգամ է որ Հայաստան այցելեցին, տեսան մայրաքաղաք Երեւանը, Հայաստանին ու հայաստանցիներուն ծանօթացան։ Ծանօթ է որ այդ տարիներուն Հայաստանի մէջ ալ ռուսերէն լեզուն տիրապետող էր։ Մեզ կը քննադատէին թրքերէն խօսելու համար, մենք ալ մեր կարգին խորթ կը նկատէինք այն որ մարդիկ ռուսախառն հայերէնով խօսակցէին մեզի հետ։ Բարեբախտաբար այդ «պատ»ն ալ փլցուցինք։ Ես բաւական մտերմիկ բարեկամութիւն մը ունէի այդ շրջանի վոլէյպոլի դաշնակցութեան նախագահ Պր. Ջանիբէկեանի հետ։ Երկուքս միասին մեր ձեռքէն եկածը ըրինք «լեզուի խնդիր»ը լուծելու համար եւ պէտք է ըսեմ որ յաջողեցանք։

Ն. Ս.- Ե՞րբ է որ բացի մասնակցութենէն, կարեւորութիւն ստացաւ պայքարի ոգին՝ մրցանակային տեղեր գրաւելու համար։

Հ. Գ.- Համահայկական խաղերուն մէջ Հայաստանի ու Ռուսաստանի պատուիրակութիւնները ընդհանրապէս ուժեղ խումբեր կը բերեն։ Հակառակ ատոր, առաջին երկու խաղերէն ետք Իսթանպուլի մեր պատուիրակութեան համար ալ դրուեցան նշաձողեր։ Խորհեցանք ինչո՞ւ ախոյեան չըլլանք, ինչո՞ւ մրցանակային տեղեր չգրաւենք։ Սկսանք աւելի լաւ պատրաստուիլ։ Մարզահաւաքները կանոնաւոր բնոյթ ստացան եւ մեր տղաքը 2003ին արդէն լաւ մարզավիճակով սկսան մասնակցիլ խաղերուն՝ մրցանակային տեղեր գրաւելու ակնկալութեամբ։

Ուրախութեամբ պէտք է նշեմ որ մանաւա՛նդ վոլէյպոլ մարզաձեւին մէջ լաւ արդիւնքները սպասցնել չտուին։ Մեր կիներու խումբը ախոյեան հռչակուեցաւ, այրերը գրեթէ միշտ հասան աւարտական կամ պայքարեցան երրորդ տեղի համար, ֆութպոլի մարզաձեւին մէջ, ուր հանդէս կուգան Սասունցիներու խումբի մարզիկները, նոյնպէս անգամ մը երկրորդ տեղը գրաւած ենք։

Ն. Ս.- Մասնակցութիւնը՝ մասնակցութիւն, իսկ մրցանակային տեղերէն զատ, ուրիշ ինչպիսի՞ պատիւներու արժանացած է Իսթանպուլի մեր խումբը։

Հ. Գ.- Հոս չեմ կրնար համեստ ըլլալ։ Մեր խումբը միշտ կարեւորութիւն տուած է խաղերուն, մարզական պատշաճ համազգեստով, ճաշակաւոր մարզաշապիկներով մասնակցած ենք եւ պարգեւատրուած՝ այդ ուղղութեամբ։ Գիտէք ինչո՞ւ, որովհետեւ լրջութեամբ մօտեցած ենք պատրաստութիւններուն եւ ատոր համար յատուկ մրցանակի արժանացած ենք. 2007ին փակման հանդիսութեան ընթացքին, որ սարքուած էր Երեւանի օփերային թատրոնին մէջ, այդ օրերու Հանրապետութեան Նախագահի ձեռամբ ինծի եւ Ողբ. Ղազարոս Ունանին յանձնուած էր յատուկ շնորհակալագիր եւ մրցանակ մը։ Մեր խումբերը մարզական «ճէնթըլմէն»ութեան համար ալ շնորհակալագրեր ստացած են։

(Շար. 2)

https://www.facebook.com/photo?fbid=176404655419623&set=a.135021036224652

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın