Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր հովանուորութեամբ եւ օրհնութեամբ Գընալը Կղզիի մէջ կազմակերպուած «Մենք ԵՐԳենք» խորագրեալ երիտասարդական երեկոներու շարքը այս տարի եւս կը շարունակէ:
Առաջին ձեռնարկը 5 Յուլիս 2023 Չորեքշաբթի օր, ժամը 21.00ին տեղի պիտի ունենայ Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ պարտէզը:
Համայնքիս երաժշտասէր երիտասարդներէն Նայիրի եւ Նայատ Քալայլը, Սեսիլ Շիրինկիլ, Արթուն Արծիւեան եւ Ատիս Տողանայ պիտի ներկայացնեն հայ եւ օտար երաժիշտներու յօրինումներէն նմոյշներ:
Ձեռնարկը կազմակերպուած է Կղզեաց Հոգեւոր Հովիւ՝ Հոգշ. Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանի եւ Սեւան Աթաօղլուի կողմէ, իսկ երաժշտական պատասխանատուն է Լուսաւորիչ Դպրաց Դաս Երգչախումբի վարիչ եւ երաժշտութեան դասատու Յակոբ Մամիկոնեան:
*
Kadasetli Patrik Sahak II. Hazretleri’nin takdisleriyle geçtiğimiz yıl Kınalıada’da gerçekleşen “Menk YERKenk” genç müzik projesi bu yıl da çalışmalarına devam ediyor.
Bu bağlamda, 5 Temmuz 2023, Çarşamba, saat 21:00’da, Kınalıada S. Krikor Lusavoriç Kilisesi bahçesinde yaz döneminin ilk müzik dinletisi gerçekleşecektir.
Cemaatimiz genç müzikseverlerinden Nairi ve Nayad Kalaylı kardeşler, Sesil Şiringil, Artun Ardzivyan ve Adis Doğanay enstrümanlarıyla çeşitli eserleri seslendirecekler.
Adalar Din Görevlisi Üstrahip Haruytun Damadyan’ın ve Sevan Ataoğlu’nun organize ettiği dinletinin müzik direktörlüğünü Lusavoriç Korosu şefi ve müzik öğretmeni Hagop Mamigonyan üstleniyor.
Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad
Kaynak։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad
İlk yorum yapan siz olun