Գնալը Կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ մէջ, Գիւտ Տփոյ Ս. Աստուածածնի Տօնին առթիւ արարողութիւններ տեղի ունեցան, 2 Յուլիս 2023, Կիրակի առաւօտ, նախագահութեամբ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր։ Ս. Պատարագը մատոյց Կղզեաց Հոգեւոր Հովիւ Հոգշ. Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին եկեղեցւոյ սարկաւագներն ու դպիրները։ Ս. Պատարագի երգեցողութիւնները կատարուեցան Ներսէսեան Դպրաց Դասու կողմէ առաջնորդութեամբ Բրշ. Արթուն Սրկ. Թէքիրօղլուի։
Նախ քան Տէրունական Աղօթքը քարոզեց Պատրիարք Հայրը եւ անդրադարձաւ Գիւտ Տփոյ Ս. Աստուածածնի խորհուրդին։ «Իսկ Մարիամը այս բոլոր խօսքերը կը պահէր իր մէջ եւ իր սրտի խորհքերուն մէջ» համարը ներկայացնելով, ըսաւ թէ՝ Ս. Մարիամի զօրաւոր յիշողութեան շնորհիւ, Ս. Աւետարանի մէջ տեղ գտած էին Յիսուսի ծննդեան հետ առընչուած մանրամասնութիւնները։ Այս գծով Աստուծոյ պատուիրանները յիշելու կարեւորութիւնը շեշտեց։ Ըսաւ, թէ՝ տքնաջան աշխատութեամբ ընկալուած իւրաքանչիւր գիտելիք, մեր մտքին մէջ առաւել եւս տեղ կը գրաւէ։ Իսկ դիւրութեամբ ընկալուած շատ մը գիտելիքներ ժամանակաւորապէս կը յիշատակուին եւ կարճ ժամանակի մէջ կը մոռցուին։ Ինչպէս աշակերտ մը, գիտութիւնը ընկալելու համար կը գրէ եւ կամ կը լսէ եւ կամ կը կրկնէ, նոյն ձեւով ալ հաւատացեալ մը պէտք է հետաքրքրուի Ս. Գրքի հետ եւ ջանայ Աստուածային պատուիրանները յիշատակել։
Մեր Հոգեւոր Պետը նաեւ անդրադարձաւ չարի եւ բարիի պայքարին, բան մը որ աշխարհի իրականութեան մէջ տեղ ունի։ Պատրիարք Հայրը յայտնեց, որ ստեղծուած ամէն ինչ բարութեամբ կ՚արարուի։ Իսկ, չարութեան գաղափարը ծնունդ կ՚առնէ ազատ կամքի գործածութեամբ։ Մարդ արարածը, իր ձեռքը ունեցած արժէքները օգտագործելով կրնայ ծառայել բարութեամբ, ուրիշներու եւս օրհնութեան առիթ դառնալով։ Սակայն, նոյն մարդը նոյն արժէքները կրնայ չարութեամբ օգտագործել, որուն որպէս հետեւանք կը դառնայ ուրիշիներու վնասող։ Այս առումով, հրաւիրեց որ մեր կարողութիւնները օգտագործենք ուրիշներու եւս բարութեան համար։
Կրօնական արարողութեանց աւարտին Պատրիարք Հայրը առիթը ունեցաւ մէկտեղուելու հաւատացեալներու հետ եւ իր օրհնութիւնը բաշխելու ներկաներուն։
Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad
İlk yorum yapan siz olun