Ս. Թարգմանիչ Վարդապետներ՝ Սահակ եւ Մեսրոպի Տօնին, 29 Յունիս 2023, Հինգշաբթի առաւօտ, արարողութիւններ տեղի ունեցան Գնալը Կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ մէջ։ Արարողութեանց նախագահեց Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, մասնակցեցան Հոգշ. Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան, Կղզեաց Հոգեւոր Հովիւ՝ Հոգշ. Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, Արժ. Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեան եւ Արժ. Տ. Պետրոս Քհնյ. Պուլտուքեան։
Ս. Պատարագը մատոյց Հոգշ. Տ. Գասպար Աբղ. Կարապետեան։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան ուխտաւոր սարկաւագաց եւ դպրաց կողմէ, առաջնորդութեամբ՝ Բրշ. Գէորգ Սրկ. Նէրկիզի։
Նախ քան Տէրունական Աղօթքը, քարոզեց Տ. Զաքէոս Ծ. Վարդապետը, «ճանաչել զիմաստութիւն եւ զխրատ իմանալ զբանս հանճարոյ» բնաբանով եւ ներկայացուց Ս. Սահակ Պարթեւ Հայրապետի եւ Ս. Մեսրոպ Մաշտոց Վարդապետի գործունէութիւնը։ Այս առթիւ յայտնեց որ սոյն տօնակատարութիւնը կը զուգադիպի Պատրիարք Սրբազան Հօր քահանայական ձեռնադրութեան եւ անուանակոչութեան տարեդարձներուն։ Այս առթիւ, բարեմաղթութիւններ կատարեց։
Ս. Պատարագի աւարտին պաշտօն կատարուեցաւ ի հանգիստ հոգւոցն Պատրիարքական Աթոռոյս Երանաշնորհ գահակալներ՝ Մեսրոպ Արքեպս. Նարոյեանի, Գարեգին Արքեպս. Խաչատուրեանի եւ Մեսրոպ Արքեպս. Մութաֆեանի։ Յիշատակուեցան նաեւ վախճանեալ վարդապետներ, կրթական մշակներ, տեսուչներ, Հայ գրչի եւ մամլոյ սպասաւորները։
Արարողութեան աւարտին, Պատրիարք Հօր նախագահութեամբ, եկեղեցւոյ պարտէզը սիրոյ սեղան տեղի ունեցաւ։ Լեւոն Շատեանի գլխաւորած թաղային խորհուրդի անդամները ողջունեցին հիւրերն ու հաւատացեալները։
Այս առթիւ, Յարութիւն Վարդապետ սրտի խօսք արտասանեց ու անդրադարձաւ օրուան խորհուրդին։ Նախ շնորհակալութիւն յայտնեց, բոլոր հոգեւորականներու, սարկաւագներուն եւ դպիրներուն, որոնք փութացած էին եկեղեցի եւ աղօթակից դարձած՝ տօնական մթնոլորտին մէջ։ Ապա, յանուն ներկաներուն շնորհաւորեց Պատրիարք Հօր անուան տօնախմբութիւնը, մաղթելով մեր Հոգեւոր Պետին արեւշատութիւն։
Յաջորդիւ Պատրիարք Հայրն ու փոքրիկն Մինաս Մեսրոպ Թապաշեան, միասնաբար կարկանդակ բեկանեցին եւ ներկաներ անուանակոչութեան տօնի առթիւ իրենց բարեմաղթանքները փոխանցեցին։
Հուսկ բանքը կատարեց Պատրիարք Հայրը եւ ուրախութիւնը յայտնեց տօնական արարողութեան կապակցութեամբ եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ ու ներկաներուն։
Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad
İlk yorum yapan siz olun