Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, շաբաթավերջին, Պատրիարքարանի ամարանոցին մէջ ընդունեց Նիւ Եորքի Պոլսահայ Օգնութեան Միութեան (C.A.R.S.) Ատենապետուհի Թամար Քայսէրեանը։ Հանդիպման ներկայ էր Կղզեաց Հոգեւոր Հովիւ Հոգշ. Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան։
Յարգելի հիւրը Պոլսոյ կեցութեան օրերը առիթ համարելով փափաքած էր Նորին Ամենապատուութեան ներկայանալ եւ իր օրհնութիւնը ստանալ։ Գնալը Կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ տօնախմբութեան եւս մասնակցած հիւրը, զրոյցի ընթացքին տեղեկութիւններ փոխանցեց միութեան գործունէութեանց մասին, յայտնելով, թէ՝ միութեան բոլոր անդամները իրենց սիրոյ կապը միշտ ամուր կը պահեն Պոլիսին հետ։ Տեղի ունեցաւ նաեւ գաղափարի փոխանակումներ։
Պատրիարք Հայրը ուրախութեամբ լսեց միութեան գործունէութեանց մասին եւ գնահատեց բոլոր անդամները, որոնք ԱՄՆ ապրելով հանդերձ չեն մոռնար իրենց ծննդավայրը։ Այս առթիւ թելադրեց, որ միութեան երիտասարդ անդամները եւս ներգրաւուին Պոլսոյ համայնքային կեանքին եւ անոնք ծանօթանան իրենց նախնեաց ծննդավայրի կեանքին։ Հանդիպման աւարտին Պատրիարք Հայրը, յաջողութիւն մաղթեց միութեան յաջորդ ծրագիրներուն մէջ։
Պոլսահայ Օնգութեան Միութիւնը ներկայիս կը գործէ օրհնութիւնը վայելելով ԱՄՆ-ի Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ Հոգշ. Տ. Մեսրոպ Վրդ. Պարսամեանի եւ շրջանի այլ Պոլսահայ միութիւններուն հետ գործակցելով իր ներդրումը կը բերէ նաեւ Թեմական կեանքին։
Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad
İlk yorum yapan siz olun