İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԷՔՐԷՄ ԻՄԱՄՕՂԼՈՒ ԱՅՑԵԼԵՑ ՎԱԳԸՖԳԻՒՂՑԻՆԵՐՈՒՆ

Իսթանպուլի Մայր Քաղաքապետը շաբաթավերջին այցելեց Հաթայ, այն քաղաքը որ մեծապէս տուժած էր 6 եւ 20 Փետրուարի երկրաշարժներէն։ Այցելութիւններու կանգառներէն մէկն ալ Թուրքիոյ միակ հայկական գիւղն էր՝ Վագըֆգիւղը, ուր Իմամօղլու գիւղի հրապարակի թեյարանին մէջ մէկտեղուեցաւ գիւղապետ Պերճ Գարթունի ու գիւղի բնակիչներուն հետ։

Մայր Քաղաքապետը դիտել տուաւ որ առաջին անգամ է որ Վագըֆգիւղ կ’այցելէր, բայց տեղեակ էր որ ասոնք այն հողերն են որոնք հիւրընկալած են բազմաթիւ քաղաքակրթութիւններ եւ զանոնք հասցուցած են մինչեւ մեր օրերը։ Ամէն մարդ պէտք է ապրի իր էթնիք ինքնութեամբ եւ համոզումներով, բոլոր դժուարութիւններն ու խոչընդոտները պէտք է սրբագրուին, անխախտ պահելով հողերու բերրիութիւնը։ Իմ ցանկութիւնն այն է որ գիւղի բնակչութեան թիւը աւելնայ, դիտել տուաւ Մայր Քաղաքապետը, ընդգծելով որ փոքրամասնութիւն բառը ցաւ կը պատճառէ իրեն։ «Դուք այս երկրի հաւասար բաժնետէր էք, համահաւասար իրաւունքներ ունիք։ Պէտք է կոտրել նախապաշարումները», շեշտեց Քաղաքապետը։

Անդրադառնալով երկրաշարժներու պատճառած աւերներուն, Իմամօղլու ըսաւ որ աղէտին բաւականաչափ պատրաստուելու անկարողութիւնը ճամբայ բացաւ մեծաթիւ կորուստներու։

https://www.normarmara.com/arsiv2023-1/270623lu.html

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın