Անատոլու գործակալութիւնը կը հաղորդէ որ աշխարհահռչակ լուսանկարիչ Արա Կիւլէրի լուսանկարչական ցուցահանդէսի մը բացումը կատարուած է Հոլանտայի մայրաքաղաք Ամսթէրտամի մէջ։ Ցուցահանդէսը կը կրէ «Արա Կիւլէր. լոյսի ու ստուերի խաղը» խորագիրը։
Այս ձեռնարկը համատեղ միջոցառում մըն է եւ կազմակերպուած է «Ֆոամ լուսանկարչական թանգարան»ի, «Արա Կիւլէր թանգարան» եւ «Փոլատ աշխատանոց»ին կողմէ։
Ցուցահանդէսի համակարգողներէն Եասէմին Պաղճը յայտնեց որ ասիկա Արա Կիւլէրի աշխատանքներուն նուիրուած ամենամեծ ցուցահանդէսն է, որ կը կազմակերպուի Նիտերլանտներու մէջ եւ կը ներառնէ այն աշխատանքները, որոնք առաջին անգամ կը ցուցադրուին, նաեւ տեղ տրուած է Կիւլէրի այն ստեղծագործութիւններուն, որոնք իր այցեքարտը դարձած են աշխարհի մէջ։
İlk yorum yapan siz olun