İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՏՕՆԱԽՄԲՈՒԹԻՒՆ ԳՆԱԼԸ ԿՂԶԻԻ ԲԱՐՁՈՒՆՔԻՆ

Գնալը Կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ տարեկան տօնախմբութիւնը, 25 Յունիս 2023, Կիրակի առաւօտ, տեղի ունեցաւ նախագահութեամբ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր։ Ս. Պատարագը մատոյց Կղզեաց Հոգեւոր Հովիւ Հոգշ. Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Ներսէսեան Դպրաց Դասու սարկաւագներն ու դպիրները։ Ս. Պատարագի երգեցողութիւնները կատարուեցան Սամաթիոյ Սահակեան Դպրաց Դաս Երգչախումբի կողմէ առաջնորդութեամբ Սեւան Ակօշեանի։

Օրուան պատգամը տուաւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը եւ նկատի ունենալով, որ նախորդ օրը Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայրապետի նշխարներու գիւտի տօնն էր, նախ խօսեցաւ Սուրբի վարքի մասին։ Ապա մերհոգեւոր Պետը մանրամասնօրէն անդրադարձաւ, թէ ի՞նչ պատահեցաւ, որ ամուսնացեալ եւ երկու զաւակներու տէր մարդը՝ ապագայի Ս. Գրիգորը թողեց իր այդ կեանքը եւ նետուեցաւ մեծ արկածախնդրութեան մը։ Նորին Ամենապատուութիւնը խօսեցաւ իւրաքանչիւր մարդ արարածի կեանքին մէջ տեսիլքի գոյութեան կարեւորութիւնը։ Մենք ի՞նչ տեսիլք ունինք։ Մենք մեր կեանքին, յատկապէս մեր հոգեւոր կեանքին մէջ կը բարեփոխուի՞նք, կը հասուննա՞նք։ Պէտք է մեծնանք ու հասուննանք, ուրիշներու համար ալ բաներ մը ընենք։ Այս է որ ըրաւ Ս. Գրիգորը։ Ան քաշուեցաւ աշխարհիկ կեանքէ եւ նուիրուեցաւ ազգին ու մարդկութեան ծառայութեան։ Աստուած ալ օրհնեց եւ ձեւաւորեց անոր կեանքը։ Մենք մեր ազգին, մեր ժողովուրդին համար բաներ մը տալու եւ նուիրելու մակարդակին պէտք է գանք։ Իւրաքանչիւր անհատ, որ պաշտօն մը կամ ծառայութիւն մը ստանձնած է, ան Ս. Գրիգորի ոգիէն բաժին առած է։ Այրի կինն ալ այդ ըրաւ։ Ան հասունութիւնը ունէր եւ իր ունեցուածքը տուաւ։ Մեր Հոգեւոր Պետը ըսաւ, որ Աստուած կ’ընդունի մեր փոքր նուէրները եւ անհրաժեշտ տեղը կը դնէ զանոնք։

Պատրիարք Հայրը, յայտնեց նաեւ, թէ՝ Գնալը Կղզիի եկեղեցւոյ տարեկան տօնախմբութիւնը կը կատարուէր։ Սոյն եկեղեցին իր մօտն ունենալով Կազդուրման Կայանը, ամրան շրջանին կը վերածուէր կղզեբնակ ժողովուրդին հոգեւոր եւ մշակութային կեդրոնին։ Այս տարի դժբախտաբար կայանի շէնքը երկրաշարժի դիմացկուն չըլլալուն, Կազդուրման Կայանը փակ պիտի մնար։ Բայց եւ այնպէս գործածութեան բաց պիտի մնար կայանի խաղավայրը։ Հետեւաբար, Հայր Սուրբի առաջնորդութեամբ պիտի կազմակերպուէին զանազան ձեռնարկներ, որպէսզի կղզեբնակ ժողովուրդը ի մի համախմբուէր այս սրբավայրին շուրջ։

Արարողութեան աւարտին եկեղեցւոյ պարտէզը տեղի ունեցաւ սիրոյ սեղան։ Ողջոյնի խօսք արտասանուեցաւ Ատենապետ Լեւոն Շատեանի կողմէ, որմէ յետոյ Հայր Սուրբը սրտի խօսք մը արտասանեց եւ ուրախութիւն յայտնեց, քանի որ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ տարեկան տօնախմբութիւնը ոգեւոր ձեւով տօնուած էր, նախագահութեամբ Պատրիարք Հօր։ Այս առթիւ, Սահակեան Դպրաց Դասուն նուիրուեցաւ յուշանուէր մը։ Պատրիարք Հայրը հուսկ բանքը արտասանեց եւ իր օրհնութիւնը բաշխեց ներկաներուն։ Մաղթեց որ բարեբեր ամառ մը ըլլայ բոլորին համար եւ բազմաթիւ անձեր վայելեն եկեղեցւոյ հովանին։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın