Շիշլիի մարզական ակումբի ընտանիքը ցնծութեան մէջ է։ Երկրորդ տարին անընդմէջ ակումբի ֆութսալի խումբը բարձրագոյն լիկի ախոյեան հռչակուեցաւ իրաւունք շահելով երկիրը ներկայացնելու ՈՒԷՖԱի մրցաշարքին մէջ։ Անցեալ տարուայ յաղթական բերկրանքը շարունակուեցաւ նաեւ այս տարի։ Նախընթաց օր վերջին մրցումը ունենալով տիրացաւ ախոյենութեան։
Բոլորս ալ ուրախ էինք տեսնելով այն խանդավառ պահերը, երբ Ատենապետ Ալէն Թէքպըչաք եւ գործակիցները խաղէն ետք հանդերձարանին մէջ կը շնորհաւորէին մարզիկները եւ յաղթանակը կը տօնէին մարզասէրներուն հետ։
Ուշագրաւ եւ բացառիկ յաջողութիւն է այն որ Շիշլիի ակումբի խումբը լիկի 14 շաբաթները վերջացուց որպէս առաջատար, միշտ մնաց առաջին տեղին վրայ եւ իրաւունք շահեցաւ եզրափակիչ մրցումները ունենալու Իսթանպուլի մէջ։ Վարիչները եւ պատկան մարմինները որոշեցին մրցումները կազմակերպել Պահչէլիէվլէրի մարզահամալիրէն ներս։
Եզրափակիչը երկու մրցումի արդիւնքով էր։ Շիշլիցիներու մրցակիցն էր Պինկէօլի երիտասարդական մարզական ակումբի խումբը։ Երկու մրցումներն ալ վերջացան Շիշլիցներու յաղթանակով եւ լիկի ախոյեանի բաժակը շահեցուցին մեր խումբին։
Ֆութսալի ճիւղի պատասխանատու Արեգ Տոլար, թեքնիք պատասխանատու Ճիհան Էօզտէմիր, վարչութեան փոխատենապետ Խաչիկ Ինկլիզօղլու, Ատենապետ Ալէն Թէքպըչաք եւ խմբապետ Սարօ Սարաֆեան մեծապէս զօրակցեցան խումբին։
Ի դէպ, վերջին մրցումը ուղղակի հաղորդումով սփռուեցաւ Թուրքիոյ ֆութսալի դաշնակցութեան եւ Լոյս Թի Վ-ի համատեղ նկարահանումով։
Յառաջիկայ 5 Յուլիս Չորեքշաբթի, Զուիցերիոյ Նիոն քաղաքին մէջ պիտի կայանայ ՈՒԷՖԱի ախոյեաններու լիկի վիճակահանութիւնը։ Թուրքիոյ ժամով 15.00ին այդ հաղորդումը պիտի սփռուի եւ յայտնի պիտի դառնան Շիշլիցիներուն մրցակիցները։
Կը շնորհաւորենք ախոյեան խումբը եւ Շիշլիի բոլոր պատասխանատուները այս կարեւոր նոր յաղթանակին համար։
İlk yorum yapan siz olun