İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՇԻՆԻՉ ՄԹՆՈԼՈՐՏԻ ՄԷՋ ՔՆՆԱՐԿՈՒԵՑԱՆ ՀԱՅԵՐԷՆԻ ԵՒ ԿՐՕՆՔԻ ՈՒՍՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒ, ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻ ՈՒ ԴՊՐՈՑՆԵՐՈՒ ԵՐԿՐԱՇԱՐԺԱԴԻՄԱՑԿՈՒՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՐՑԵՐԸ

Գաղտնիք չէ որ որպէս համայնք հրատապ եւ լուծման կարօտ կարեւոր հարցեր ունինք մեր դիմաց։ Պարտաւոր ենք ամենակարճ ժամանակի մէջ լուծումներ գտնելու, որովհետեւ այդ հարցերը անմիջականօրէն կ’առնչուին մեր դպրոցներուն, այսինքն համայնքի ապագային, նոր սերունդին, պոլսահայութեան այն թանկագին «կորիզ»ին որ գալիքը կը խորհրդանշէ եւ որու հետ կը կապուին մեր բոլոր յոյսերը։

Ինչպէ՞ս պիտի կրթենք եւ կեանքի պիտի պատրաստենք մեր համայնքի զաւակները, ինչպիսի՞ ուղղութիւն պէտք է տանք անոնց կեանքին, ինչպէ՞ս պիտի յաջողինք ինքնութեան եւ ազգային պատկանելիութեան աւիւնը փոխանցել անոնց եւ ինչպէ՞ս պիտի յաջողինք այդ պատկերացումները, մեր տեսլականները դնել սահուն գնացքի մը վրայ։

Ահաւասիկ երէկ այս հարցերու շուրջ խորհրդակցական կարեւոր ժողով մը գումարուեցաւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր հրաւէրով ու նախաձեռնութեամբ՝ Պատրիարքարանի երդիքին տակ։

Տրուած ըլլալով որ հարցերը կրթութեան եւ դպրոցներու մասին էին, բնականաբար հրաւիրուած էին այն պատասխանատուները, որոնք վարժարան ունին իրենց ենթակայութեան ներքեւ։

Ժողովը տեւեց մօտաւորապէս 3.5 ժամ եւ գնահատանքով պէտք է նշել որ ջուր չծեծուեցաւ, ընդհակառակը քննարկումները գործնական գետնի վրայ իրականացնելու ուղղութեամբ յստակ քայլերու մասին խօսուեցաւ իրերհասկացողութեան շինիչ մթնոլորտի մէջ։

Դեռ առիթը պիտի ունենանք մանրամասն անդրադառնալու կարգ մը նիւթերուն, բայց ուրախալի է որ վարժարան ունեցող թաղերու պատասխանատուները համակարծիք գտնուեցան դժուարութիւններուն դէմ տոկալու, զանոնք յաղթահարելու եւ մեր համայնքային վարժարաններու կրթութեան որակն ու արդիւնաւէտութիւնը բարձրացնելու հարցերուն շուրջ։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր կողքին երէկուայ այս կարեւոր խորհրդակցութեան ներկայ գտնուեցան Պատրիարքական փոխանորդ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան, Արժ. Տ. Տրդատ Աւ. Քհնյ. Ուզունեան, Կաթողիկէ համայնքէն Գերյ. Վարդան Ծ. Վրդ. Գազանճեան, Ա-Գէ-Փէ կուսակցութեան երեսփոխան Տօքթ. Սեւան Սվաճըօղլու, որ միշտ պաշտպանեց խօսքէն գործի անցնելու դիրքորոշումը, Տիար Տիգրան Կիւլմէզկիլ՝ թէ՛ Գարակէօզեան Տան Խնամակալութեան Ատենապետի եւ ազգային բարերարի թէ՛ կրթութեան հարցերու հետամուտ ըլլալու իր կարեւոր հանգամանքով, նաեւ «ՀայՃար»էն Տիար Գէորգ Էօզգարակէօզ եւ Կիւլիզար Արթուչ, որոնք ներկայիս նաեւ վարչային պաշտօն կը կատարեն մեր վագըֆներէն ներս։

Օրակարգի վրայ երեք հարցեր էին.

– Հայերէնի եւ կրօնքի դասերու որակը բարձրացնելու հրամայականը,

– Միջվարժարանային համագործակցութիւնն ու համակարգումը զարգացնելու հեռանկարները,

– Դպրոցներու շէնքերու երկրաշարժադիմացկունութեան խնդիրը։

Բացի Օրթագիւղէն եւ Պոմոնթիէն, մնացեալ բոլոր վարժարաններու պատասխանատուները՝ Թաղային Խորհուրդի կամ Խնամակալութեան Ատենապետի, հիմնադրի ներկայացուցչի կամ Տնօրէնի հանգամանքով ներկայ էին երէկուայ ժողովին։ Ժողովը բաց էր նաեւ մամուլի համար։

Օրակարգի առաջին հարցի մասին արտայայտուեցան Սահակ Բ. Պատրիարքն ու Տրդատ Աւ. Քահանան։ Հայերէն լեզուի ուսուցիչներու պատրաստութեան համար գործնական քայլերը դեռ մշակման փուլին մէջ են, բայց կրօնքի դասերու հարցով Պատրիարքարանը մշակած է յատուկ ծրագիր մը, որ երէկ ներկայացուեցաւ ժողովականներուն եւ վաւերացում ստացաւ անոնց կողմէ։

Այսպէս, յառաջիկայ ուսումնական տարեշրջանին Պատրիարքարանի հովանիին ներքեւ պիտի կայանայ 32 շաբաթ տեւողութեամբ դասընթացք մը։ Որոշուած է որ այդ դասընթացքները կայանան շաբաթական դրութեամբ Ուրբաթ օրերը։ Պատասխանատուներէն խնդրուեցաւ որ իւրաքանչիւր դպրոց ընտրէ ուսուցիչ մը եւ ապահովէ անոր մասնակցութիւնը՝ այդ դասերուն։

Պահանջուեցաւ որ բացի առողջական ստիպողական հարցերէ, բացակայութիւններ չըլլան։ Այդ ուսուցիչները Ուրբաթ օրերը ազատ ըլլան եւ մասնակցին դասընթացքին։ Ամէն Ուրբաթ հինգ ժամ դաս, յետոյ զրոյց եւ քննարկում, հարցում-պատասխան պիտի ըլլայ այդ օրուայ դասաւանդութեան շուրջ։ Դասաւանդութիւնները պիտի կատարուին Պատրիարք Հօր եւ եօթը հոգինոց խումբի մը կողմէ ¤հոգեւորական եւ աշխարհիկ՝ մասնագէտ_։

Պատրիարք Հայրը պիտի դասախօսէ կրօնքի դասի մեթոտաբանութեան մասին։ Դասընթացքը պիտի կազմակերպուի Ուսուցչաց Հիմնարկի հետ համագործակցաբար, համատեղ աշխատանքով։ Ուսուցիչները քննութիւն պիտի յանձնեն եւ վկայականներ պիտի ստանան։ Արդէն իսկ հաստատուած է պիւտճէն եւ 30 հազար տոլարի շուրջ գումար յատկացուած է այս նպատակին։ Այն վարժարանները որոնք նիւթական խնդիրներ ունին եւ չեն կրնար վճարել իրենց ուսուցիչներուն ¤այդ միօրեայ բացակայութեան համար_, վճարումը պիտի կատարուի վերոյիշեալ պիւտճէէն, կարիքի պարագային պիտի դիմագրաւուին նաեւ ուսուցիչներու ճամբու ծախսերը։

Տրդատ Քահանայ Հօր խօսքերով կրօնքի ուսուցիչներու վերապատրաստութեան հետ զուգահեռաբար պիտի փոխուին դասաւանդութեան կերպերը, դասագիրքը, նիւթերը, բոլոր քայլերը պիտի ուղղուին հաւատքը ամրացնելու նպատակին։ Պատրաստութեան մէջ է կրօնքի նոր դասագիրք մը, որ արդիական պայմաններու հետ համահունչ դասանիւթեր պիտի ունենայ եւ աւելի հետաքրքրական պիտի ըլլայ տղոց համար։

Գաղտնիք չէ որ կրօնքի դասերը ամբողջութեամբ չեն ծառայեր իրենց նպատակներուն, բայց մշակուած նոր հայեցակարգով տղաքը չորրորդ դասարանէն մինչեւ ութերորդ դասարան պիտի ստանան հիմնական գիտելիքները՝ քրիստոնէութեան բուն գաղափարախօսութեան, Աստուածաշունչի, Հայաստանեայց եկեղեցւոյ պատմութեան, եկեղեցական կանոններու մասին։ Ութերորդ դասարանի կրօնքի դասերը պիտի կեդրոնանան սորվածները վերյիշելու եւ լիսէներու մտից քննութեան հարցաշարերուն պատրաստուելու ժամեր, որովհետեւ Կրթական Նախարարութիւնը կը նախատեսէ ձեռք առնել քննութեան հարցաշարերու պատրաստութեան գործը։

Օրակարգի այս հարցի շուրջ բոլորը համակարծիք էին եւ հաստատեցին իրենց մասնակցութիւնը։

Երկրորդ հարցը կը վերաբերէր միջվարժարանային համագործակցութեան եւ համակարգումի հարցերուն։ Երեսփոխան Սեւան Սվաճըօղլու ելոյթ մը ունեցաւ ու ցաւով նշեց որ դպրոցներու միջեւ կապ գրեթէ չկայ, բոլորը իրենք իրե՛նց համար կ’աշխատին, կարգ մը վարչայիններ դեռ պատանդ կը մնան ինչ ինչ նեղսրտութիւններու եւ անձնական խնդիրներու, առանց հասկնալու որ պէտք է աճապարենք։ «Ես երեսփոխան եմ, կամուրջ եւ օղակ եմ համայնքի ու պետութեան միջեւ։ Եթէ գործնական քայլեր առնուին, ծրագիրներ մշակուին, հարկաւ որ ձեռքէս եկածը պիտի ընեմ պետութեան հաւանութիւնը ապահովելու համար։ Այս տարիներուն ունեցանք ՎԱՏԻՓ եւ ԷՐՎԱՊ հարթակները, որոնք ցանկալի արդիւնաւէտութիւնը չունեցան։ Պէտք ունինք համակարգող այնպիսի մարմնի մը որ վստահութեան աղբիւր դառնայ հասարակաց խնդիրները քննելու տեսակէտէ», ըսաւ Տօքթ. Սվաճըօղլու։

Առաջարկուեցաւ հիմնել կրթութեան յանձնախումբ մը, որ թէեւ օրինական հանգամանք կրնայ չունենալ, բայց պետութեան հաւանութիւնը ստանալով կրնայ օրակարգի բերել հարցերը եւ լուծումներ գտնել անոնց։

Կրթութեան ոլորտի մասին գնահատելի ելոյթ մը ունեցաւ Տիար Տիգրան Կիւլմէզկիլ։ Ըսաւ որ ճիշդ չի նկատեր որ կրթական հարցերը քննարկուին ԷՐՎԱՊի հարթակին վրայ, որովհետեւ հոն ներկայացուած են բոլոր թաղերու պատասխանատուները, մինչդեռ պէտք է խօսին բուն «դերակատար»ները, այսինքն այն վարիչները, որոնք դպրոց կը ղեկավարեն եւ մօտէն ծանօթ են կրթական հարցերուն։ Տիգրան Կիւլմէզկիլ ըսաւ որ խնդիրները դպրոցէն կը սկսին, ուստի անհրաժեշտ կը նկատէ ենթակառոյցներու պատրաստութիւնը։ «Պէտք ունինք կրթութեան յանձնախումբի եւ յատուկ կանոնագրութեան, ճամբու քարտէսի, որպէսզի սկսինք աշխատիլ։ Այսպիսի փորձ մը եղած է, ելմտագէտ Արեգ Ֆէրահեանի գլխաւորութեամբ կազմուած էր յանձնախումբ մը, որ հիմա ալ կրնայ արդիւնաւէտ աշխատիլ եւ լուծումներ առաջարկել կրթական հարցերուն», ըսաւ Տիգրան Կիւլմէզմիլ։

Յաջորդ ելոյթը ունեցողը Արեգ Ֆէրահեանն էր։ Ան համավարակի շրջանին իրենց մշակած եւ գործադրութեան դրած ծրագրի մասին խօսելով, նիւթը կապեց այսօրուայ իրականութիւններուն։ Ըսաւ որ ինք ելմտագէտ է եւ կրնայ այդ ուղղութեամբ առաջարկներ ներկայացնել, կը հաւատայ որ ո՛չ մէկը իրաւունք ունի նեղանալու համայնքէն, որովհետեւ բոլորս նոյն նաւուն մէջ ենք։ «Առանց ժամանակ կորսնցնելու պէտք է ճամբու քարտէս եւ ժամանակացոյց մշակենք», ըսաւ ան։

Հարկաւ որ կրթական հարցերը անմիջականօրէն կապուած են նիւթականի, ուստի յանձնախումբի գլխաւոր առաջնահերթութիւնը պէտք է ըլլայ այդ ուղղութեամբ գործնական քայլերու մշակումը։

Քանի մը ժողովականներ ցաւով անդրադարձան որ համայնքային վարժարաններու ուսուցիչներու աշխատավարձքերուն միջեւ ներկայիս մեծ տարբերութիւն մը կայ այլեւս։ Այդ համեմատութիւնը մինչեւ վերջին շրջանները 3-4 հազար լիրայի շուրջ էր, բայց հիմա գրեթէ կրկնապատկուած է, անհաւասարութեան մեծ գիծ մը դնելով ուսուցիչներու աշխատանքին միջեւ։

Պէյօղլուի Թաղային Խորհուրդէն Սեւան Կարապետեան խօսք առնելով ընդգծեց որ աշխատանքները պէտք է կեդրոնացնել որպէս համայնք եւ հաւաքականութիւն մեր առանձնայատկութիւնները պահելով, բարեփոխումներ իրականացնելու տեսլականին վրայ։

Ժամը բաւական յառաջացած էր երբ օրակարգի բերուեցաւ երրորդ հարցը, դպրոցներու շէնքերու երկրաշարժերու դէմ դիմացկունութեան խնդիրը, որ իրականութեան մէջ շատ տարողունակ էր եւ կը կարօտէր անջատ, աւելի մասնագիտական քննարկումի մը, բոլոր դպրոցներու մասին տեղեկագրերու ներկայացումով։

Հոս գլխաւոր բանախօսը ճարտարապետ Գէորգ Էօզգարակէօզն էր։ Հարցը հրատապ բնոյթ ունի, բայց երէկուայ ելոյթներէն յայտնի դարձաւ որ շատ ուշ մնացած ենք։ Տակաւին ՎԱՏԻՓ-ի ու ԷՐՎԱՊի ժողովներու ընթացքին դպրոցներու տոկունութեան խնդիրը քանիցս քննարկուած է, վարչայիններէն տեղեկագրեր պահանջուած են, բայց պահանջները մնացած են անպատասխան, բացի մէկ քանի վարժարաններէն։ Պր. Էօզգարակէօզ երէկ ալ չկրցաւ վերջնական պատկերը ներկայացնել, բոլոր տեղեկագրերը պատրաստ չեն տակաւին, բայց ընդհանուր գիծերով, կարելի է ըսել որ անորոշութեան մշուշը կերպով մը փարատեցաւ, վարիչները կամայ-ակամայ ստիպուեցան բանալ փակագիծերը եւ ներկայացնել իրական պատկերը, որովհետեւ հրապարակային հարցումները հասցէական էին, իսկ վարիչներն ալ լուծումներ կ’ակնկալէին ժողովականներէն ու մասնագէտներէն։

Հոս ալ ուշ մնացինք որպէս համայնք, որովհետեւ տարիներէ ի վեր կը խօսուէր, բայց պատասխանատուներուն մեծ մասը գործի անցաւ միայն Փետրուարեան երկրաշարժերէն ետք եւ ցաւօք հիմա թէ՛ պատկան մարմիններէն ձեւակերպութիւնները կ’ուշանան խճողումներու պատճառով, թէ՛ պահանջները աւելի խիստ են։

Այսպէս, կարգ մը վարժարաններ պատմական յուշարձանի հանգամանք ունին, ուստի շատ դժուար է ստանալ անհրաժեշտ արտօնութիւնները, գործընթացը կը կաղայ, որովհետեւ փոքրաթիւ են այն ընկերութիւնները, որոնք այսպիսի կառոյցներուն հետ աշխատելու արտօնութիւն ունին, բայց նաեւ բազմազբաղ են ա՛յս շրջանին։ Դժուար է գտնել մասնագէտները եւ գործի լծուիլ։ Կազդուրման Կայանի մասին խօսելով Պր. Կիւլմէզկիլ նշեց որ կը ծրագրեն հիմնական վերանորոգութեան ենթարկել շէնքային համալիրը։

Երէկուայ ժողովի ընթացքին Պր. Գէորգ Էօզգարակէօզ յստակ բացատրութիւններ ու տեղեկութիւններ պահանջեց կարգ մը վարժարաններէն։ Որո՞նք են այդ վարժարանները։ Սամաթիոյ Սահակեան-Նունեան, Կեդրոնական, Մէրամէթճեան, Պէզճեան, Սամաթիոյ Անարատ Յղութեան, Գալֆաեան վարժարաններու շէնքերը խնդրայարոյց են եւ այդ մասին երէկ բացէ ի բաց խօսուեցաւ։ Սահակեանի պարագային այժմ մասնագիտական տեղեկագրին կը սպասեն, Կեդրոնական վարժարանի պատասխանատուները ծրագրած են դպրոցի դասարանները կեդրոնացնել հիմնական շէնքին մէջ, որ վտանգ չի ներկայացներ, Մէրամէթճեան վարժարանի պարագային Թաղային Խորհուրդը յառաջիկայ օրերուն պիտի ձեռնարկէ ամրացման աշխատանքին եւ դասարանները պիտի կեդրոնացնէ այն շէնքին մէջ, որ երկրաշարժադիմացկուն է։ Գալֆաեան վարժարանի շէնքի մասին խօսեցաւ հիմնադրի ներկայացուցիչ Թամար Գարասու։ Ան ըսաւ որ վերանորոգութեան ու ամրացման աշխատանքը նուազագոյնը վեց ամիս պիտի տեւէ, հետեւաբար իրե՛նք այժմ ճամբայ կը փնտռեն յառաջիկայ ուսումնական տարեշրջանի առաջին կիսամեակի համար վայր գտնելու եւ դասերը շարունակելու ուղղութեամբ։

Կարգ մը վարժարաններ դեռ քննութիւններն ալ չեն կատարած եւ Պր. Գէորգ քննադատեց այդ վարիչները։

Վերանորոգութիւնները, ամրացման գործը նիւթականի կը կարօտին, ուստի խօսուեցաւ այն մասին որ Քաղաքապետութեանց եւ պետական մարմիններու հետ ալ կապ հաստատուի եւ նիւթական միջոցներ գտնուին, որովհետեւ մեծ գումարներու մասին է խօսքը։

«Առանց մեր իրաւունքները կորսնցնելու, անյապաղ գործի լծուինք»։ Ա՛յս էր օրակարգի երրորդ հարցի մասին ընդհանուր կարծիքը։

Ժամը բաւական յառաջացած էր, գրեթէ կէսգիշերին մօտ էր, հետեւաբար որոշուեցաւ դպրոցներու շէնքերու հարցով նոր քննարկում մը կազմակերպել Յուլիսի վերջաւորութեան, երբ բոլոր տեղեկագրերը հասած կ’ըլլան պատկան յանձնախումբին։

Հաւաքոյթը վերջացաւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր Պահպանիչով։

Ն. Ս.

https://www.normarmara.com/arsiv2023-1/230623lu.html

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın