3 Յունիսի մեր թիւով գրած էինք որ 10-22 Յունիսին տեղի ունեցաւ օփէրային 14րդ միջազգային փառատօնը։ Օփէրայի ու պալէի պետական տնօրէնութիւններու կողմէ հրաւիրուեցան օտարերկրեայ մենակատարներ, պարուսոյցներ եւ բեմադրիչներ, որոնք օփէրային արուեստի վայելք մը իրականացուցին մշակութասէրներուն համար։
Մեզի համար գագաթայինը երէկուայ ներկայացումն էր։ Միջազգային փառատօնի փակումը կատարուեցաւ Վերտիի «Աիտա» օփէրայով, ուր Ամներիսի դերը վստահուած էր մեր սիրելի սոփրանօ Ժագլին Չարքճըին։
Երէկ ան փայլեցաւ բեմին վրայ եւ իր ամբողջ հարազատութեամբ հանդիսատեսին փոխանցեց Ամներիսի կերպարը։ Օփէրային արուեստի ու երաժշտութեան սիրահարներ քաջածանօթ են Ժագլին Չարքճըի ուժեղ ձայնին, բայց ան որպէս օփէրային երգչուհի կը նոյնանայ Գարմենի, Ամներիսի եւ Ազուքէնայի դերերուն հետ։
Երէկ բեմին վրայ էր նաեւ օփէրային երգիչ Սէրճան Կազէրօղլու, որ հանդէս եկաւ երգչախումբի կազմին մէջ։ Երկուքը միասին լուսանկարուեցան, անմոռանալի դարձնելով երէկուայ ներկայացման տպաւորութիւնները։
İlk yorum yapan siz olun