Երէկ, երբ իմ առօրեայ աշխատանքիս հետ զուգահեռաբար համացանցը կը պրպտէի՝ հետաքրքրական լուրեր քաղելու համար, կարգ մը ծանուցումներ գրաւեցին ուշադրութիւնս։
Մեր դպրոցներէն մէկ քանին,- անուններ պիտի չտամ,- ծանուցումներ հրապարակած էին։ Երբ ծանուցում կ’ըսեմ, մի կարծէք որ մեր հայերէն թերթերուն տրուած ծանուցումի մը մասին է խօսքս։ Ո՛չ, ընկերային հարթակներէն մէկուն տրուած է այդ ծանուցումը։
Եւ դարձեալ երբ ծանուցում կ’ըսեմ, մի կարծէք որ հայերէնով եղած յայտարարութիւններ են։
Ուղղակի տեղական լեզուով…։
Եւ գիտէ՞ք թէ ի՛նչ էր ծանուցումին նպատակը։
Ուսուցիչ կը փնտռէին։
Վստահ եմ որ գուշակեցիք։
«ՀԱՅԵՐԷՆ»ի ուսուցիչ կը փնտռէին… թրքերէն լեզուով։
Թեկնածու ներկայանալիք ուսուցիչներէն ալ կը պահանջուէր «Էրմէնիճէ տիլինի կիւնլիւք հայաթթա քուլանան» ըլլալ կամ «Անա տիլի Էրմենիճէյէ հաքիմ» ըլլալ։
Լա՞լ թէ… խնդալ։
Մեր համայնքային մարմիններու վարիչներն ու եւ պատասխանատուները դեռ որքա՞ն պիտի շարունակեն հայերէնի եւ հայերէնով հրատարակուող թերթերուն հանդէպ իրենց անտարբեր կեցուածքն ու արհամարհանքը, որ այլեւս հասած է գրեթէ հայ լեզուն եւ հայ թերթը նախատելու աստիճանին։
Ե՞րբ պիտի անդրադառնան որ իրենց թառած ճիւղը իրե՛նք կը կտրեն եւ երբ այդ ճիւղը փրթի եւ իյնայ, ի վերջոյ պիտի գլտորին, պիտի երթան՝ մեզ եւ մեր բոլորն ալ իրենց ետեւէն քաշել-տանելով։
Կը յիշեմ մէկ խօսքը իմ շատ սիրելի բարեկամ, լուսահոգի Մուրատ Պեպիրին, որ դժբախտաբար կանուխ տարիքին լքեց մեզ ու գնաց այս աշխարհէն։ «Վա՜յ քեզի քաղաք, որ թագաւորդ մանուկ է»։
Այո՛, վա՜յ մեզի, որ հայերէնի ուսուցիչ կը փնտռենք թրքերէնով։
Խունկ եւ աղօթք լուսահոգի Պեպիրի յիշատակին։
Ա. Հ.
İlk yorum yapan siz olun