Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 19 Յունիս 2023, Երկուշաբթի, ընդունեց Ստանպուլի Ոսկերիչներու Սենեակի վարչութեան այցը, գլխաւորութեամբ ատենապետ Մուսթաֆա Աթայըքի։
Յարգելի հիւրին կ’ընկերանար Ուֆուք Կիւնէշ, մեր համայնքէն՝ Մինաս Ասլան եւ Կարպիս Կէտիքօղլու։
Քաղաքավարական բնոյթով այցելութեան ընթացքին հիւրեր յայտնեցին, որ փափաքած էին այցելել Նորին Ամենապատուութեան եւ ծանօթանալ Հայոց Պատրիարքին։ Անոնք, ինչպէս վարչութենէն ալ յայտնի է, ունին հայազգի անդամներ եւ այս իսկ պատճառաւ եկած են Պատրիարքարան։
Մեր Հոգեւոր Պետը շնորհակալութիւն յայտնեց սոյն այցելութեան համար եւ յիշեց քաղաքիս եւ ընդհանրապէս Թուրքիոյ ոսկերչութեան պատմութեան մէջ Հայոց դերը եւ բարի գալուստ մաղթեց այդ արհեստի այժմու աշխատողներուն՝ այցելուներուն։ Պատրիարք Հայրը կարողութիւն ու յաջողութիւն մաղթեց իրենց աշխատանքներուն։
Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad
İlk yorum yapan siz olun