İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՀԻՒԱՆԴԱՆՈՑՆԵՐՈՎ ՎԱԳԸՖՆԵՐՈՒ ԸՆՏՐԱԿԱՆ ԿԱՆՈՆԱԳՐՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱԳԻԾԸ՝ ՁԵՒԱՒՈՐՈՒԱԾ Է

Անցեալ տարի, ճիշդ այս օրերուն ¤18 Յունիսին_ հրապարակուած էր փոքրամասնական համայնքներու ընտրական կանոնագրութիւնը, որով 13 տարուայ սպասումէն ետք ¤մինչ այդ վերջին ըտրութիւնները կատարուած էին 2009ին_ իրաւունք կը տրուէր կազմակերպելու նոր ընտրութիւն մը եւ մինչեւ տարեվերջ ձեւաւորելու եւ պաշտօնի կոչելու Թաղային Խորհուրդներու նոր կազմեր։ Վեցամսեայ շրջանը, բացի Պէյօղլուի Թաղային Խորհուրդի ընտրական գործընթացէն, ընդհանրապէս ունեցաւ նախընտրական սահուն գնացք մը։ Կարգ մը թաղերուն համար ձեւաւորուեցան երկուական կամ նոյնիսկ երեքական թեկնածու խումբեր, մրցապայքարի մտան, ի վերջոյ, ըստ ընտրական երեք շրջաններու, ժողովուրդը գնաց քուէատուփեր եւ ընտրեց նոր վարիչները։ Պէյօղլուի պարագան տարբեր էր եւ դէպքերու զարգացումները ստիպեցին որ տարբեր գործելաոճ մը որդեգրուի եւ ընտրութիւններու կայացումը յետաձգուի 2023ին։ Մինչ այդ 2022ի վերջին շաբաթը, 25 Դեկտեմբերին, մնացեալ բոլոր թաղերը իրականացուցին իրենց ընտրութիւնները։

Էջ մը փակուեցաւ։ Մնացին ընտրութիւնները այն վագըֆներու, որոնք հիւանդանոցներ կը ղեկավարէին։ Այդ վագըֆները չէին ընդգրկուած նոր կանոնագրութեան մէջ եւ որոշուած էր անջատ կանոնագրութիւն մը պատրաստել։ Հարցն այն է որ հիւանդանոցները հանրային ծառայութիւն կը մատուցանեն, համայնքներու ամենակարեւոր մարմիններն են, հետեւաբար այս վագըֆներու ընտրութեան կանոնագրութիւնը պէտք է պատաստուէր Առողջապահութեան Նախարարութեան դիրքորոշման վրայ։

Տարի մը եւս անցաւ։ 2023ի առաջին ամիսներուն լուրեր չկային։ Յայտնի չէր թէ ի՞նչպիսի գործընթացով մը պիտի կազմակերպուէր ա՛յդ վագըֆներու ընտրութիւնը։ Եթէ պայման էր որ 2023ին ամբողջանար նաեւ հիւանդանոցներով վագըֆներու ընտրութիւնը, ուրեմն ե՞րբ պիտի հրապարակուէր կանոնագրութիւնը, որպէսզի ընտրութիւնները կայանային։

Փոքրամասնական երեք համայնքներ՝ հայկական, յունական եւ հրեայ, հիւանդանոցներ ունին, ընդ որում հայ հաւաքականանութիւնը երկու հիւանդանոց՝ Ս. Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցը եւ կաթողիկէ համայնքի Ս. Յակոբ հիւանդանոցը ¤որ որպէս կառոյց ներկայիս գոյութիւն չունի, քանդուած է, 2013էն ի վեր, շուրջ տասը տարի շինութեան գնացքի մէջ է եւ միայն վագըֆը կայ_ յունական համայնքը ունի Պալըքլըի մէջ հիւանդանոց մը, որ ինչպէս ծանօթ է, անցեալ տարի Օգոստոսին հրոյ ճարակ դարձաւ, կրելով մեծ վնասներ եւ հրեայ համայնքի Ահայիմ հիւանդանոցը, որ կը գտնուի Պալաթի մէջ։

Ահաւասիկ այս հիւանդանոցներու վագըֆներու ընտրութիւնը կազմակերպելու համար պատկան մարմինները ձեւաւորեցին նոր կանոնագրութեան նախագիծ մը։

Նախագիծը, որ ներկայացուեցաւ վագըֆներու կազմերուն, կը բովանդակէ բաւական ուշագրաւ կէտեր։ Այսպէս, ըստ նախագծին՝

1_ Ընտրաշրջան պիտի նկատուի այն վայրը, ուր կը գտնուի խնդրոյ առարկայ հիւանդանոցը։ Այսինքն մեր համայնքի համար Ս. Փրկիչ Ազգ. Հիւանդանոցի եւ Ս. Յակոբ հիւանդանոցի պարագային Իսթանպուլի նահանգը։

2_ Իւրաքանչիւր վագըֆի իրաւական կարգավիճակի համար ¤թիւզէլ քիշիլիք_ կ’ընտրուի անջատ Հոգաբարձութիւն մը։ Ընտրութիւնները կը կատարուին հինգ տարին անգամ մը։

3_ Հոգաբարձութեան կազմերը պէտք է ունենան նուազագոյնը 7 անդամ։ Անոնց միջեւ պէտք է ըլլայ առնուազն մէկ բժիշկ մը, իրաւագէտ մը, ելմտական խորհրդատու մը կամ ելմտական մասնագէտ մը։ Պահեստի անդամներու թիւը պէտք է ըլլայ հիմնական թիւին հետ նոյնը, այսինքն դարձեալ նուազագոյնը 7 հոգի։ Նոյն ձեւով պահեստի անդամներու միջեւ ալ պէտք է ըլլան բժիշկ մը, իրաւագէտ մը եւ ելմտական խորհրդատուներ կամ ելմտագէտներ։

4_ Հոգաբարձութեան անդամներու առաւելագոյն թիւը պիտի ըլլայ 11 հոգի ¤այս պարագային՝ 11 պահեստի անդամներով եւս_։

Նախատեսուած է որ ընտրութիւնները կատարուին ամբողջ Իսթանպուլի մէջ, երեք ընտրաշրջաններով եւ «պլոք»ային համակարգով։ Ասիկա կը նշանակէ որ քուէարկողներ խումբերո՛ւ է որ քուէ պիտի տան եւ առաւելագոյն քուէ հաւաքած խումբը պաշտօնի գլուխ պիտի գայ։ Հոս եւս կան վերապահութիւններ։

– Անձ մը կրնայ առաւելագոյնը երեք վագըֆներու մէջ պաշտօնավարել։

– Արիւնակցական կապ ունեցող առաւելագոյնը երկու անձ կրնայ մաս կազմել Հոգաբարձութեանց։

– Ընտրութեան օրը, ընտրատարածքը, ընտրական ցանկերը, ընտրական մարմնի կազմը գրաւոր ձեւով պէտք է ներկայացուի վագըֆներու տնօրէնութեան համապատասխան մասնաճիւղին՝ ընտրութիւններէն առնուազն 60 օր առաջ։

Ի՞նչպէս պէտք է ձեւաւորուի ընտրական յանձնախումբը։ Ըստ կանոնագրութեան նախագծին, ընտրական յանձնաժողովը պէտք է ունենայ հինգ հիմնական եւ երկու պահեստի անդամ։ Այդ յանձնախումբին մաս կրնան կազմել ներկայ Հոգաբարձութենէն առաւելագոյնը երկու անդամներ։ Պարտադիր պայման չէ որ ընտրական յանձնախումբի անդամները փոքրամասնական նո՛յն համայնքին պատկանին։ Ընտրական յանձնախումբի անդամները չեն կրնար թեկնածու առաջադրուիլ։

Կանոնագրութիւնը օրէնքի ոյժ ստանալէ ետք ընտրական գործընթացը բացուած կը նկատուի եւ պայման է որ ընտրութիւնները աւարտին հասած ըլլան մինչեւ 31 Դեկտեմբեր 2023 թուականը։

Ընտրական գործընթացը սկսելուն պէս Հոգաբարձութեան անդամները պիտի շարունակեն պաշտօնավարել, մինչեւ որ ընտրութիւնները կատարուին եւ նոր կազմեր ընտրուին։

Կանոնագրութեան նախագիծը յանձնուած է վագըֆներու Հոգաբարձութեանց։ Կարծիքներու եւ վերապահութիւններու գծով առաջարկները համապատասխանաբար պիտի ներկայացուին Վագըֆներու Ընդհանուր Տնօրէնութեան։ Ընդհանուր տպաւորութիւնն այն է որ մինչեւ ամսավերջ նոր Կանոնագրութիւնը օրէնքի ոյժ պիտի ստանայ եւ պիտի հաստատուի պաշտօնաթերթին մէջ։

Ի՞ՆՉ Կ’ԸՍԷ ՊԵՏՐՈՍ ՇԻՐԻՆՕՂԼՈՒ

Այս առտու մեր հրատարակութեան տնօրէն Արի Հատտէճեան խօսեցաւ Ս. Փրկիչ Ազգ. Հիւանդանոցի Հոգաբարձութեան Ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի հետ, որ սապէս արժեւորեց զարգացումները.-

Կանոնագրութեան նախագիծը ներկայիս կը գտնուի քննարկումներու փուլին մէջ։ Վստահաբար փոփոխութիւններ պիտի ըլլան։ Վագըֆներու Հոգաբարձութիւններու համար ասիկա անակնկալ էր, վագըֆները պատրաստ չեն եւ չեն կրնար վեց ամսուայ մէջ հասցնել ու կազմակերպել ընտրութիւնները։ Մասնաւորաբար յունաց Պալըքլըի հիւանդանոցի Հոգաբարձութիւնը նեղութիւններու մէջ է, փոքրաթիւ համայնք ունի ու չի կրնար գործի մէջէն ելլել։ Դիւրին չէ բժիշկ մը, ելմտագէտ մը, փաստաբան մը գտնել։ Կաթողիկէ հայ համայնքը նաեւ կարգ մը անհանգստութիւններ ունի ընտրողներու ինքնութեան, ընտրատարածքի եւ այլ հարցերու առնչութեամբ։ Անոնք չեն ուզեր վերապրիլ Մխիթարեանի Մատակարար Մարմնի ընտրութեան գործընթացի զարգացումները։

Ըստ իս, Հիւանդանոցի մէջ Հոգաբարձու մը պէտք չէ անդամակցի այլ վագըֆի մը Թաղային Խորհուրդին։ Սխալ է Կանոնագրութեան այն կէտը, ըստ որու թեկնածու մը կրնայ աշխատիլ առաւելագոյնը երեք վագըֆի մէջ։ Հիւանդանոցի Հոգաբարձութեան անդամ մը իր ամբողջ ժամանակն ու ներոյժը պէտք է յատկացնէ ի շահ Հիւանդանոցին։

Մեր հիւանդանոցը ունի ընտրութիւններու իր աւանդական ժամանակացոյցը։ Ընտրութիւնները կը կատարուին կա՛մ Մայիսի վերջաւորութեան կամ Զատիկի տօնին ընդառաջ։ Ուստի մենք պատկան մարմիններուն պիտի առաջարկենք ընտրական ժամանակացոյցի մեր թուականը։

Իշխանութիւններու հետ շփումները կը շարունակուին։ Կանոնագրութեան նախագիծը միայն փորձնական նպատակներով է։ Վստահաբար աւելի կոկիկ ու նոր նախագիծ մը պիտի մշակուի եւ մենք պիտի աշխատինք այդ նախագծին վրայ։

https://www.normarmara.com/arsiv2023-1/190623lu.html

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın