Պէյրութի Հայկազեան համալսարանին մէջ վերջին օրերուն տեղի ունեցաւ շրջանաւարտութեան փառաշուք հանդիսութիւն մը։ Սա սփիւռքի միակ բարձրագոյն ուսման հաստատութիւնն է, ուրկէ այս տարի զանազան ճիւղերու մէջ 132 հոգի վկայուեցաւ։ 63-րդ շրջանի ընթացաւարտները վկայուեցան բարձր տրամադրութեամբ՝ մինչ իրենց ուղղեալ շնորհաւորութեան խօսքով մը հանդէս եկաւ Հայկազեան համալսարանի նախագահ վերապատուելի Փոլ Հայտոսթեան։
http://www.jamanak.com/content/լրահոս%2F13-06-2023-63-րդ-շրջանի-պատկառելի-հունձքը
İlk yorum yapan siz olun