İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՎԵՐԱԴԱՐՁԱՒ ԵՒ ՀՐԱՇԱՓԱՌԻ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԵԱՄԲ ԴԻՄԱՒՈՐՈՒԵՑԱՒ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, որ Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդի ժողովին մասնակցելու համար շուրջ մէկ շաբաթէ ի վեր Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածին կը գտնուէր, 13 Յունիս 2022, Երեքշաբթի առաւօտ վերադարձաւ Աթոռ։

Նորին Ամենապատուութիւնը, ընկերակցութեամբ Գերպ. Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհնաեանի եւ Հոգշ. Տ. Շնորհք Աբղյ. Տօնիկեանի, Երեւանէն ուղիղ թռիչքով հասաւ Ստանպուլ օդակայանը, ուր դիմաւորուեցաւ գաւազանակիր Արժ. Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեանի կողմէ եւ առաջնորդուեցաւ Պատրիարքարան։

Մեր Հոգեւոր Պետի վերադարձին առթիւ, Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր Տաճարի մէջ, ժամը 09.00-ին կատարուեցաւ Հրաշափառի արարողութիւն։

Միաբան հայրերու եւ քահանայից դասու երգեցողութենէ ետք, բարի գալուստ մաղթեց Պատրիարքական Փոխանորդ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։

Պատրիարք Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց հոգեւոր հայրերուն եւ նախ փոխանցեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի հայրական օրհնութիւնները, ապա անդրադարձաւ ուղեւորութեան նպատակին։ Զանազան հանդիսութեանց, Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդի ժողովներուն եւ այցելութեանց մասին խօսելէ ետք, Նորին Ամենապատուութիւնը ըսաւ թէ որոշուած է յառաջիկայ 1 Հոկտեմբեր 2023ին Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի մէջ կատարել Սրբալոյս Միւռոնի օրհնութիւնը։ Իսկ Մայր Տաճարի օծման ու պաշտամունքի վերաբացման թուականը յետաձգուած է յառաջիկայ տարուան։

Նկատի ունենալով, որ իր ներկայ եղած անցեալ կիրակին զուգադիպած էր Տօն Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Էջմիածնի օրուան, մեր Հոգեւոր Պետը թելադրեց աղօթել Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի եւ համայն Հայ Եկեղեցւոյ անսասանութեան համար։

Հրաշափառի հանդիսութեան աւարտին կատարուեցաւ աջահամբոյր, իսկ խորհրդարանի մէջ Թաղային Խորհուրդը հիւրասիրեց Նորին Ամենապատուութիւնն ու հոգեւոր հայրերը։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın