2023 Յունիս 5-էն 11 երկարող շաբաթը բացառապէս տօնական էր Հայ աւետարանական գոլէճին համար:
Յոբելեանին նուիրուած նախորդ երեք ձեռնարկներէն՝ 4 Նոյեմբեր 2022-ի շրջանաւարտից հաւաքէն, 5 Փետրուարի գոհաբանական պաշտամունքէն եւ 5 Մայիսի աշակերտական գործունէութիւններու օրէն ետք, վերոյիշեալ շաբթուան ընթացքին տօնակատարութիւնները հասան իրենց գագաթնակէտին:
Արդարեւ, 6 Յունիսին տեղի ունեցաւ «Յարգանքի եւ երախտիքի սրահ»-ի բացումը եւ դոկտ. Զաւէն Մսըրլեանի «Ապրող էջեր անցեալէն» գիրքի շնորհանդէսը: Ներկայ էին պետական, կրթական եւ եկեղեցական ներկայացուցիչներ, շրջանաւարտներ, ծնողք եւ բարեկամներ:
Գիրքը հանգամանօրէն ներկայացուց պարոն Պարոյր Աղպաշեան: Բացման խօսքը կատարեց տնօրէն դոկտ. Արմէն Իւրնէշլեան, իսկ շնորհակալական խօսքով ելոյթ ունեցաւ հեղինակը: Սոյն գիրքին հետ, ներկաները ստացան երկու գրքոյկներ՝ ՀԱԳ-ի հիմնադիր տնօրէն Պետրոս Քարծայրի մասին պատմող գրքոյկ մը, ինչպէս նաեւ դպրոցի հիմնադրութեան հանգամանքները ներկայացնող այլ գրքոյկ մը, հեղինակութեամբ դոկտ. Յուսիկ Տօնապետեանի: Երեք հրատարակութիւններն ալ խմբագրած էր դոկտ. Իւրնէշլեան:
10 Յունիսին Kempinski-Summerland պանդոկին մէջ տեղի ունեցաւ հարիւրամեակի կալա-ճաշկերոյթը, նախագահութեամբ դպրոցի երկարամեայ բարերար տիար Ռաֆֆի Մանուկեանի, որ այս առթիւ տաս տարուայ վրայ երկարող մէկ միլիոն տոլարի օժանդակութեան խոստում կատարեց: Ճաշկերոյթին ելոյթ ունեցաւ Ամերիկայի հայ աւետարանչական ընկերակցութեան նախագահ, ՀԱԳ շրջանաւարտ դոկտ. Նազարէթ Տարաքճեան, որ անդրադարձաւ դպրոցին անցեալին՝ յաջողութիւններուն եւ տագնապներուն, եւ անոր դիմադրողական ուժին: Դպրոցի հոգաբարձութեան ատենապետ պարոն Ներսէս Պաղտոյեան շնորհակալութիւն յայտնեց դպրոցին համար աշխատող եւ այնտեղ ծառայող անհատներուն, եւ տնօրէնին ու հովիւին հետ յուշանուէրներ յանձնեց ԱՀԱԸ-ին եւ տիար Ռաֆֆի Մանուկեանին: Ճաշկերոյթին ներկայ էին ԱՀԱԸ-ի վարչականներ, հովիւներ, ՀԱԳ-ի ուսուցչակազմը եւ բարեկամներ: Ելոյթ ունեցաւ նաեւ «Տիր» հնգեակը:
11 Յունիսին Հայ աւետարանական առաջին եկեղեցիին մէջ կայացաւ յոբելենական հիմնական հանդիսութիւնը: Եկեղեցւոյ երկու յարկերը լեցուն էին պաշտօնական հիւրերով, բարեկամներով, ուսուցիչներով, շրջանաւարտներով: Վերապատուելի Ղազարեանի ողջոյնի խօսքէն եւ աղօթքէն ետք ելոյթ ունեցաւ տնօրէնը, որ նախ բնորոշումը կատարեց դպրոցին՝ դիտուած տարբեր դիտանկիւններէ, ապա անդրադարձաւ անոր իւրայատկութիւններուն, հուսկ՝ կատարեց խորհրդածութիւններ ապագայի վերաբերեալ, կեդրոնանալով «տեսիլք փոխանցելու» գաղափարին վրայ (խօսքը ամբողջութեամբ կրնաք կարդալ https://aec100years.wordpress.com/ յղումով: Ողջոյնի խօսք ուղղեց ԱՀԱԸ-ի գործադիր տնօրէն պարոն Զաւէն Խանճեան, որ ՀԱԳ-ի իբրեւ առանձնայատկութիւն նշեց անոր շրջանաւարտներուն կառչածութիւնը դպրոցին եւ վերահաստատեց Աւետարանչականի նեցուկը դպրոցին: (խօսքը նոյնպէս վերոյիշեալ կայք ին վրայ): Ապա հոյակապ համերգային ծրագրով մը ելոյթ ունեցաւ Պէյրութի սիմֆոնիք նուագախումբը, որ մայեսթրօ Կարօ Աւեսեանի ղեկավարութեամբ ներկայացուց հայկական, լիբանանեան եւ միջազգային դասական կտորներ, որոնք կ’արտացոլէին հայութեան եւ ՀԱԳ-ի պատմութիւնը՝ նախաեղեռնեան շրջանէն, անդրադառնալով հայ կեանքի եւ Լիբանանի վերիվայրումներուն ու դպրոցի կեանքին, միաժամանակ վճռական հայեացք ուղղելով դէպի ապագայ: Հանդիսութիւնը ամբողջութեամբ կարելի է դիտել հետեւելով https://www.facebook.com/aecollege.lb էջին:
İlk yorum yapan siz olun