İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՆՇՈՒԵՑԱՒ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՏՕՆԸ

Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին 11 Յունիս 2023, Կիրակի առաւօտ, նշեց Սուրբ Էջմիածնի տօնը։

Նոյն առթիւ, Մայր Աթոռ Սուրբ էջմիածնի միաբանութիւնը, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Սրբազնագոյն Կաթողիկոսի գլխաւորութեամբ, Ս. Պատարագի մասնակցեցաւ Սուրբ Գայիանէ Վանքին մէջ:

Արարողութեան ներկայ էին Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Սրբազան Պատրիարք Հայրը, Մայր Աթոռ ժամանած թեմակալ առաջնորդներ, եպիսկոպոսներ, միաբանական համագումարի մասնակից հոգեւոր հսյրեր եւ բազում ուխտաւորներ։

Ս. Պատարագը մատոյց Մայր Աթոռի Լուսարարապետ Գերշ. Տ. Մուշեղ Եպս. Բաբայեան:

Տօնի խորհուրդի շուրջ քարոզ խօսեցաւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը եւ ընդգծեց Սուրբ Էջմիածնի նշանակութիւնը, մեկնելով «Ինչո՞վ կարեւոր է Էջմիածինը մեզ համար» հարցումէն։ Նորին Ամենապատուութիւնը ըսաւ. «Սուրբ Էջմիածինը մեզի համար միայն տաճար չէ, այլ գաղափար է, մեր ազգը միաւորող ամենազօրեղ իրողութիւններէն մին է, ուխտ եւ տեսիլք է մեզի համար։ Այս տարածքը՝ Վաղարշապատը, մեզի համար դարձաւ Սուրբ էջմիածին, Աստուծոյ կամքով ու ողորմութեամբ։ Աստուած մեզի տուաւ հայկական Աւագ Շաբաթը, որ կը սկսի Հռիփսիմեանց կոյսերու նահատակութեամբ եւ կը հասնի մինչեւ շաբաթ` Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի «ելն ի վիրապէն» տօնը, Հայոց պետականութեան քրիստոնէացման իրադարձութենէն մինչեւ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի տեսիլքը։ Ուրեմն, այս հայկական Աւագ Շաբաթն է, որ մեր ազգի պատմութեան մէջ անմոռանալի հետքեր թողած է։ Աստուած մարմնացուց իր գաղափարը Սուրբ Էջնիածնի տաճարի մէջ եւ այս խորհուրդը մեր նախնիները փոխանցած են նոր սերունդներուն ու անոր շնորհիւ է, որ մենք մէկ ազգ ենք»։

Սրբազան Պատրիարք Հայրը հաւատացեալներուն յորդորեց իրենց յիշողութեան մէջ մշտապէս վառ պահել հայոց սրբութիւնները, ապրիլ ու զօրանալ Սուրբ Էջմիածնի խորհուրդով։

Յաւարտ Ս. Պատարագի, Ամենայն Հայոց Հայրապետի հանդիսապետութեամբ, կատարուեցաւ մաղթանք Մայր Աթոռոյ: Ներկայ հաւատացյալներ եւ եկեղեցականաց դասը աղօթք վերառաքեցին առ Աստուած՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի շինութեան, անսասանութեան եւ իր սրբազան առաքելութեան յարատեւութեան համար։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın