İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՄԻՋՎԱՐԺԱՐԱՆԱՅԻՆ ՄՇԱԿՈՅԹԻ ՄՐՑՈՒՄ / OKULLAR ARASI KÜLTÜR YARIŞMASI

Հրամանաւ ու օրհնութեամբ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր, 7 Յունիս 2023, Չորեքշաբթի, Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր Եկեղեցւոյ յարակից Յարութիւն Ամիրա Պէզճեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ միջվարժարանային մշակոյթի մրցում։ Հայ լեզուի, Հայ մշակոյթի եւ Կրօնագիտութեան նիւթերով պատրաստուած մրցումին մասնակցեցան համայնքային բոլոր վարժարաններէ աշակերտներ, հանդերձ իրենց ուսուցիչներով։ Հանդիսութեան ներկայ էր Հոգշ. Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, որ արտասանեց բացման աղօթքը եւ յաջողութիւն մաղթեց ներկաներուն։

Ապա, ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Պատրիարքութեան Օրմանեան Մատենադարանի քարտուղար Հէլտա Այնայիւզ։ Նախ որդիական շնորհակալութիւնը յայտնեց Սրբազան Պատրիարք Հօր, որ օրհնութիւն տուած էր նման հանդիսութեան մը իրականացման։ Այս շրջագիծով յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց Պատրիարքական Աթոռոյս այն բոլոր հոգեւոր հայրերուն եւ աշխատակիցներուն, որոնք իրենց ներդրումը բերած էին սոյն հանդիսութեան պատրաստութեան։ Ողջունեց նաեւ բոլոր ուսուցիչներն ու աշակերտները եւ շնորհակալութիւն յայտնեց իրենց մասնակցութեանց համար։

Ծափողջոյններով հանդէս եկաւ համայնքիս «Հայերէն Փարոտի» հարթակով ծանօթ երիտասարդը՝ Ալփէն Չնար ու վարեց յայտագիրը։ Նախ տեղեկութիւն փոխանցեց մրցումի կանոններուն եւ ձեւաչափին մասին, որմէ յետոյ սկսաւ յայտագիրը։ Մրցումի հարցումները «Kahoot»ի միջոցաւ առցանց ուղղուեցան: Լիսէի աշակերտներ եւ միջնակարգի աշակերտներ իրենց մակարդակներուն համաձայն մրցակցեցան։ Ուղղուեցան երեսունական հարցումներ։

Մրցումի ընթացքին Հէլտա Այնայիւզ, Մեղանոյշ Չնար եւ Սարին Պուտաք վարեցին մրցումը։ Հարցումները պատրաստուած էին համայնքային վարժարաններու ուսուցիչներուն կողմէ եւ ապա մշակուած Պատրիարքարանի մէջ։

Մրցումի աւարտին լիէսի բաժնի դափնեկիրները եղան՝ Արեգ Սիւզմէ (առաջին), Նորա Տավուլճեան (երկրորդ), Նարեկ Պալ (երրորդ), Միրա Եիղիթէր (չորրորդ), Լիլիթ Գալայճեան (հինգերորդ)։

Միջնակարգի բաժնի դափնեկիրները եղան՝ Քէվըն Եիւճէեաթաք (առաջին), Արաս Շահինօղլու (երկրորդ), Լիտա Ավրուզ (երրորդ), Մարիէլ Տուման (չորրորդ), Արատ Վարդանեան (հինգերորդ)։

Մրցումի աւարտին օրհնութեան խօսք արտասանեց Յարութիւն Վարդապետ եւ գնահատեց մասնակիցները։  Յայտնեց, որ Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը կը գտնուի Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածին եւ իր Աթոռը վերադառնալէ յետոյ դափնեկիրները անձամբ պիտի ընդունի Պատրիարքարանի մէջ իրենց պիտի շնորհէ մրցանակները։ Հայր Սուրբը այս առթիւ համագործակցութեան կարեւորութիւնը շեշտեց եւ ըսաւ, որ համայնքային կեանքի ամենէն իմաստալից բառերէն է համագործակցութիւնը։

Հանդիսութեան աւարտին, Պատրիարքարանի Տիկնանց Յանձնախումբի կողմէ պատրաստուած սիրոյ սեղանով հիւրընկալուեցան ներկաները։ Իսկ յաջորդիւ, Տատեան, Սահակեան-Նունեան եւ Մխիթարեան վարժարաններէ աշակերտներ իրենց ուսուցիչներուն առաջնորդութեամբ երաժշտական յայտագրով հանդէս եկան։

***

Kadasetli Patrik Sahak II Hazretleri’nin izni ve takdisleriyle, 7 Haziran 2023, Çarşamba, S. Asdvadzadzin Patriklik Kilisesi’nin Harutyun Amira Bezciyan Salonu’nda okullar arası kültür yarışması düzenlendi. Ermeni dili, Ermeni kültürü ve Din konularında hazırlanan sorulardan oluşan yarışmaya cemaatimizin okullarından öğrenciler, öğretmenleri ile birlikte katıldılar. Rahip Harutyun Damadyan öğrencilere toplu halde Rab’bin duasını okuttuktan sonra onlara başarılar diledi.

Daha sonra Patrikhane Ormanyan Kütüphanesi sekreteri Helda Aynayüz yaptığı açılış konuşmasıyla öncelikle bu organizasyonun gerçekleşmesini sağlayan Patrik Hazretleri’ne şükranlarını sundu. Ayrıca organizasyonun hazırlık aşamasında emeği geçen tüm din adamlarına ve çalışma arkadaşlarına teşekkürlerini iletti. Tüm öğretmen ve öğrencilere “hoş geldiniz” diyerek katılımlarından dolayı teşekkür etti.

Cemaatimizde “Hayeren Parody” olarak tanınan gençlerimizden Arpen Çınar alkışlar eşliğinde sahneye gelerek programın sunuculuğunu yaptı. Önce yarışmanın kuralları ve formatı hakkında bilgiler verdi ve ardından yarışmayı başlattı. Sorular “Kahoot” uygulaması üzerinden online olarak öğrencilerle paylaşıldı. Lise ve ortaokul öğrencilerine seviyelerine uygun olarak cemaatimiz okullarında görev yapan öğretmenlerimiz tarafından hazırlanmış soru havuzundan seçilen otuzar soru soruldu.

Yarışmayı Helda Aynayüz, Meğanuş Çınar ve Sarin Budak yönettiler. Lise kategorisini Arek Sizme (birinci), Nora Davulcuyan (ikinci), Nareg Bal (üçüncü), Mira Yiğiter (dördüncü), Lilit Kaloyan (beşinci), ortaokul kategorisini ise Kevin Yüceyatak (birinci), Aras Şahinoğlu (ikinci), Lida Avruz (üçüncü), Mariel Duman (dördüncü), Arat Vartanyan (beşinci) olarak tamamladılar.

Yarışma sonunda Üstrahip Harutyun kapanış konuşması yaparak öğrencileri takdir etti. Patrik Hazretleri’nin Eçmiadzin Katolikosluk Makamı’nda olduğunu ve makamına döndükten sonra kazananların ödüllerini bizzat vereceğini dile getirdi. Üstrahip Harutyun işbirliğinin önemine vurgu yaparak, toplum yaşamının en anlamlı sözlerinden biri olduğunu söyledi.

Yarışmanın sonunda konuklar Lizi Çerme Civanyan başkanlığındaki Patrikhane Yemek Komisyonu üyeleri tarafından hazırlanan sevgi sofrası ile ağırlandılar. Programın sonunda Dadyan, Sahakyan-Nunyan ve Mıhitaryan okullarından öğrenciler, öğretmenleri rehberliğinde hazırladıkları müzik programıyla sahne aldılar.

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad 

Kaynak։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad 

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın