İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՍԱՊԵՏԵՑ Ս. ԳԱՅԱՆԵԱՆՑ ԿՈՅՍԵՐՈՒ ՅԻՇԱՏԱԿՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԻՆ

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին երէկ նշեց Ս. Գայանեանց կոյսերու յիշատակութեան տօնը։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ արարողութիւններուն նախագահեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, որ մարտիրոս սրբուհիներու մասունքը ամփոփած Աջով օրհնեց բարեպաշտ ժողովուրդը։ Արարողութիւնները տեղի ունեցան Սուրբ Գայիանէ պատմական վանքին մէջ, ուր պատարագեց Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի առաջնորդական փոխանորդ Տ. Սիմէոն Աբեղայ Օտապաշեան։ Օրուան քարոզիչն էր Գեղարքունիքի թեմի առաջնորդական տեղապահ Տ. Պարթեւ Վարդապետ Բարսեղեան։

Նորին Ամենապատուութիւնը այս տօնակատարութիւններուն հանդիսապետելէ առաջ երէկ առաւօտ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ պաշտօնապէս դիմաւորուեցաւ Հրաշափառի արարողութեամբ, որ տեղի ունեցաւ մայրավանքի համալիրէն ներս՝ Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչ եւ Սուրբ Վարդան մատուռ-մկրտարանին մէջ։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի լուսարարապետ Տ. Մուշեղ Եպիսկոպոս Պապայեան այս առթիւ ողջունեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը, որ կը մասնակցի Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) ընդլայնուած կազմով նստաշրջանին՝ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին բարձր նախագահութեամբ։  

http://www.jamanak.com/content/եկեղեցական/7-06-2023-ամեն-ս-պատրիարք-հայրը-մայր-աթոռ-սուրբ-էջմիածնի-մէջ-հանդիսապետեց-ս

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın