İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՍՈՒՐԲ ԵՒ ԱՆՄԱՀ ՊԱՏԱՐԱԳ ՈՒ ՄԻՋ-ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԱՂՕԹՔ ԼԱՒԱԼԻ «ՊՈՆ ԲԱՍԹԷՕՐ» ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Շաբաթ, 3 Յունիս 2023-ի երեկոյեան ժամը 6:30-ին, նախագահութեամբ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Լաւալի «Պոն Բասթէրօ» եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ՝ ձեռամբ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս Դանիէլեանի։

Վեհափառ Հայրապետին աղօթակից էին, Գանատայի Հայոց Թեմի բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան, Կրօնական Ժողովի ատենապետ՝ Գերապատիւ Տ. Գեղարդ Ծայրագոյն Վարդապետ Քիւսպէկեան, միաբան եւ քահանայ հայրերը։

Սուրբ Պատարագին հրաւիրուած էին օտար հոգեւորականներ. Գանատայի մէջ Պապական Նուիրակ՝ Գերապատիւ Տէր Իվան Ժիւրքովիչը, Մոնթրէալի Արքեպիսկոպոս՝ Քրիսթիան Լէբինը, Ռումանիոյ Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Առաջնորդ՝ Իան Եպիսկոպոս Քասիանը, Անկլիքան Եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսուհի՝ Մէրի Իրուին Կիպսընը, Մարոնիթ Եկեղեցւոյ Առաջնորդ՝ Փօլ Մարուան Թապէթ Եպիսկոպոսը, Յոյն Կաթոլիկ Առաջնորդ՝ Միլատ Ալ Ժաուիշ Եպիսկոպոսը, Կաթոլիկ Եպիսկոպոսական Ժողովի Քարտուղար՝ Փիէր Միւրէյ Եպիսկոպոսը, Լաւալի Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ նախկին Հովիւ՝ Վերապատուելի Մարտիրոս Էյլէնճեանը, Լաւալի Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ Այցելու Հովիւ՝ Վերապատուելի Աւետիս Պոյնարեանը եւ Մոնթրէալի Հայ Աւետարանական Ա. Եկեղեցւոյ Հովիւ՝ Վերապատուելի Ճորճ Տապոն։

Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին Ներկայ էին նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպան՝ Տիկին Անահիտ Յարութիւնեանը, Հայաստանի Հանրապետութեան Մոնթրէալի Պատւոյ Հիւպատոս՝ Պարոն Լեւոն Աֆէյեանը, Քէպէքի Խորհրդարանի անդամ՝ Տիկին Սոնա Լախոյեան Օլիվիէն, Լաւալի Քաղաքապետարանի անդամ՝ Տիկին Սեդա Թոփուզեանը, Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան համա-ատենապետ՝ Պարոն Գրիգոր Մահսէրէճեանը, Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան անդամ՝ Բժիշկ Ժիրայր Պասմաճեանը, Ազգային Վարչութեան անդամները, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչ՝ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը, Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ՝ Մհեր Գարագաշեան, գործակից միութիւններու ներկայացուցիչները եւ հաւատացեալ ժողովուրդը։

Սուրբ եւ Անմահ Պատարագի ընթացքին, Հոգեշնորհ Տ. Յակոբ Վարդապետ Եագուպեան ողջունեց բոլոր հիւրերը, որոնք ներկայ գտնուած էին Սուրբ Պատարագին։ Ապա, հերթաբար հրաւիրեց օտար Հոգեւորականները, որպէսզի բարի գալուստի խօսքեր արտասանեն Վեհափառ Հայրապետին։

Բարի գալուստի խօսքերէն ետք, Բաբգէն Արքեպիսկոպոս ողջունեց ներկայութիւնը բոլոր հոգեւորականներուն, որոնք մասնակից դարձան Պատարագին եւ աղօթակից՝ Վեհափառ Հայրապետին։ Իր խօսքի աւարտին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը հրաւիրեց Նորին Սրբութիւնը, որպէսզի փոխանցէ իր Հայրապետական պատգամը։

Նորին Ս. Օծութիւնը փառք եւ գոհութիւն յայտնեց Աստուծոյ, որ մէկտեղած է իր զաւակները։ Ապա ողջունեց բոլոր Հոգեւորականներու ներկայութիւնը եւ ըսաւ, թէ անոնց ներկայութիւնը Քրիսսոսով մէկ ըլլալու մեծագոյն նշանն է։

Իր խօսքին մէջ, Վեհափառ Հայրապետը մէջբերեց Միջ-Եկեղեցական ժողովներու ընթացքին երգուող հոգեւոր երգը, որ կ՚ըսէ. «Մէկ ենք Քրիստոսով»։ «Մենք կը պատկանինք Քրիստոսի եկեղեցւոյ։ Միջ-եկեղեցական շարժումին միջոցաւ միասին ըլլալու գիտակցութիւնը պէտք է խորանայ մեր մէջ։ Այսօր մենք կ՚ապրինք համաշխարհայնացած աշխարհի մէջ, ուր բաժանումի պատեր չկան այլեւս։ Երկխօսութիւնը վերացական ըմբռնում չէ, այլ մաս կը կազմէ մեր առօրեայ կեանքին։ Մենք ո՛չ միայն կը համագոյակցինք, այլ միասին կ՚ապրինք՝ դիմագրաւելով նոյն տագնապներն ու մարտահրաւէրները։ Հետեւաբար, զանազանութեամբ յատկանշուող ներկայ ընկերութեան մէջ, պէտք է յարգենք ուրիշներուն աւանդութիւններն ու ըմբռնումները, միշտ նկատի ունենալով ընկերութեան ընդհանրական սկզբունքներն ու արժէքները», ըսաւ Վեհափառ Հայրապետը։

Նորին Ս. Օծութեան պատգամէն ետք, Հոգեւորականները բարձրացան Ս. Խորան եւ Վեհափառ Հայրապետին նախագահութեամբ կատարուեցաւ Միջ-Եկեղեցական Աղօթք։

Աղբիւր։  His Holiness Aram I https://www.facebook.com/CatholicosAramI  

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın