Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր տնօրինութեամբ, Աթոռոյս միաբաններէն Հոգշ. Տ. Գասպար Աբղ. Կարապետեան, Անթալիայի մէջ կիրակնօրեայ պաշտամունքի համար եւ մերազն հաւատացեալները այցելելու նպատակաւ մեկնեցաւ Անթալիա։ Իրեն կ’ընկերանային Բրկ. Արտէն Ուր. Միւճէրրեթօղլու եւ Բրկ. Յովհաննէս Դպ. Մուրատեան։
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր նախաձեռնութեամբ ապահովուած էր Յունաց Ն.Ս.Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ծայրագոյն Պատրիարքի հրամանը ու Փիսիտիայի Յոյն Ուղղափառ Եկեղեցւոյ առաջնորդ Յոբ Մետրոպոլիտի արտօնութիւնը: Ուստի 4 Յունիս 2023, Կիրակի առաւօտ, Անթալիոյ Յոյն Ուղղափառ Եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ հայածէս Սուրբ Պատարագ։
Նախքան Տէրունական Աղօթք, Հայր Սուրբը փոխանցեց օրուան պատգամը եւ ըսաւ թէ՝ այսօր պիտի կատարենք երկու հայ ընտանիքի զաւակներուն մկրտութեան խորհուրդը: Հայր Սուրբը այս առթիւ շեշտեց Անթալիայի մերազն ժողովուրդին վերստին ծնունդի կարեւորութիւնը:
Հայր Սուրբը յիշեցուց Յովհաննէսի Աւետարանէն Նիկոդէմոսի ու Յիսուսի միջեւ անցած խօսքը մեզ կը քաջալերէ մեր կեանքի շարունակութեան նպատակին։ Մենք բոլորս մկրտութեան աւազանէն վերածնած ենք եւ ընդունած ենք Քրիստոսը՝ Աստուած։ Մեր այս երկու զաւակները պիտի ծնին թէ՛ ջուրէն եւ թէ Հոգիէն։ Տէրը օրհնէ զիրենք։
Յաւարտ Ս. Պատարագի, կատարուեցաւ Մկրտութեան խորհուրդը։
Հայր սուրբը առիթ ունեցաւ համախմբուելու եւ զրուցելու հաւատացեալներու հետ։ Իսկ ներկաներ շնորհակալութիւն յայտնեցին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր այս տնօրինումին եւ Հայր Սուրբի ու ընկերակիցներու այցելութեան համար:
Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad
İlk yorum yapan siz olun