Խոր ցաւով վերահասու եղանք, որ իր մահկանացուն կնքած է մեր համայնքի յարգուած եւ համակրանքի առարկայ դարձած վարչայիններէն Գէորգ Չաղլըչուպուքճու։ Ուղեղային խռնում մը անցուցած ըլլալով ան միջոցէ մը ի վեր կը գտնուէր դարմանման տակ։ Դժբախտաբար Գէորգ Չաղլըչուպուքճուի դարմանումը դրական հունի մը մէջ չէր ընթանար եւ ան միշտ կը մնար խտացեալ խնամքի տակ, անգիտակից վիճակով։ Ի վերջոյ, հակառակ իրեն ի սպաս դրուած ամբողջ խնամքին, ան աչքերը փակած է կեանքին։
Մասնագիտութեամբ հաշուապահ, Գէորգ Չաղլըչուպուքճու Կէտիկփաշայի ընտանիքի սիւներէն մին էր։ Թաղի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ Զուարթնոց դպրաց դաս-երգչախումբին բազմամեայ խմբավարն էր, դպրապետը, նաեւ վարչային պատասխանատուութիւններ ստանձած էր տնօրէն խորհուրդին մէջ։ Գէորգ Չաղլըչուպուքճու եղած էր նաեւ Գարակէօզեան Տան խնամակալութեան նախկին շրջանի ատենապետներէն։
Այս կորուստը խոր ցաւ յառաջացուցած է համայնքային շրջանակներէն ներս՝ մանաւանդ, որ Գէորգ Չաղլըչուպուքճուի մատուցած ծառայութիւնները բոլորի յիշողութեան մէջ են։ Այս տխուր առթիւ Կէտիկփաշայի Զուարթնոց դպրաց դաս-երգչախումբին տնօրէն խորհուրդը արդէն անմիջապէս ջնջած է այսօր երեկոյեան նախատեսուած տարեդարձի հաւաքոյթը։
http://www.jamanak.com/content/թրքահայ-կեանք/3-06-2023-ոչ-եւս-է-գէորգ-չաղլըչուպուքճու
İlk yorum yapan siz olun