Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց նորընտիր թաղային խորհուրդը իրերայաջորդ կարգադրութիւններով կը ջանայ՝ մօտաւոր անցեալի ցնցումի տարիներէն վերջ նոր ոստումի շրջան մը ապահովել Էսաեան վարժարանին համար։ Ինչպէս ծանօթ է, առաջին հերթին դպրոցին համար նշանակուած էր նոր հիմնադրի ներկայացուցիչ մը։ Այդ պաշտօնը վստահուած էր նորընտիր թաղային խորհուրդի կազմէն Լենա Ենիեորկանին։ Այժմ, կարգը եկած է վարժարանի մասնագիտական անձնակազմի փոփոխութիւններուն։ Արդէն կը նախատեսուէր, որ նոր տնօրէնուհիներ նշանակուին Էսաեան վարժարանի միջնակարգի եւ լիսէի բաժիններուն համար։ Թաղային խորհուրդը տեղեկացուցած է, որ ճշդած է նոր անուն մը տնօրէնուհիի պաշտօնը յանձնելու համար, սակայն առայժմ պաշտօնապէս չի հրապարակուիր։
Էսաեան վարժարանի վաղուան բաժակի օրուան ընդառաջ այս նիւթը անմիջական հետաքրքրութեան առարկայ է։ Շրջանաւարտից հաւաքի նախօրեակին բոլորի ուշադրութեան առարկայ է այս նիւթը։ Անպաշտօն աղբիւրներէ կը տեղեկանանք, որ յառաջիկայ տարի Էսաեան լիսէի տնօրէնուհիի պաշտօնը պիտի ստանձնէ Տենչա Չընար։ Համայնքային շրջանակներու լսումները կը հաստատեն այս լուրը՝ որքան որ ալ թաղային խորհուրդը առայժմ զերծ մնայ պաշտօնական հրապարակում մը կատարելէ։ Էսաեանի ընտանիքը, ընդհանրապէս, ողջունելի կը համարէ այս նշանակումը, քանի Տենչա Չընար հաստատութեան սաներէն է եւ պոլսահայ կրթական կեանքէն ներս կը վայելէ բարի համբաւ։
Այժմ կը սպասուի թաղային խորհուրդի պաշտօնական յայտարարութեան։
İlk yorum yapan siz olun