Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 1 Յունիս 2023, Հինգշաբթի, ժամը 17.00-ին Ֆերիգիւղի Սուրբ Վարդանանց Եկեղեցւոյ մէջ մէկտեղուեցաւ քաղաքիս հիւսիսային մասի համայնքային վարժարաններու ութերորդ դասարաններու աշակերտներուն հետ, որոնք այս կիրակի պիտի մասնակցին ԼԿՍ-ի (Լիսէներու Մտից Քննութիւն) քննութեան։ Աշակերտներու խումբերը կը գլխաւորէին վարժարաններու տնօրէններն ու ուսուցիչները։
Նորին Ամենապատուութեան նախագահութեամբ կատարուած արարողութեան մասնակցեցան Հոգշ. Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեան եւ քահանայ հայրեր ու սարկաւագներ։
Կատարուած ճաշու ժամերգութեան աւարտին, Նորին Ամենապատուութիւնը, ողջունեց ներկայ աշակերտներու մասնակցութիւնը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց իրենց մասնակցութեան համար։ Մեր Հոգեւոր Պետը աշակերտներուն յիշեցուց, թէ յաջողութիւն ձեռք ձգելու նախապայմանն էր աշխատանքը եւ թելադրեց, որ ըլլան ընթերցասէր։
Պատրիարք Հայրը ըսաւ թէ քննութեանց յաջողութիւնը կարեւոր է, սակայն կենսական չէ։ Ամէն մարդ պէտք է իր կարելին ընէ, աշխատի, յետոյ թողու Աստուծոյ։
Ապա աշակերտներու խումբին եւս բաժնուեցան պատրաստուած աղօթքի փոքրիկ քարտեր, որոնց վրայ կային Սուրբ Ներսէս Շնորհալի Հայրապետի ժողովրդականացած երկու աղօթքները, Հաւատով խոստովանիմ մեծ աղօթքէն՝ «Իմաստութիւն Հօր Յիսուս», իսկ միւսը՝ «Պահապան ամենայնի»ն։
Ընդգծեց, թէ աշակերտներու յաջողութիւնը միայն իրենց անձնական յաջողութիւնը չէր, այլ յաջողութիւնները կը պատկանէին նաեւ անձերու, որոնք կարեւոր ներդրում ունեցած են անոնց զարգացման համար։ Հետեւաբար թելադրեց աղօթել նաեւ իրենց ծնողներուն, տնօրէններուն, ուսուցիչներուն, թաղային խորհուրդի կամ խնամակալութիւններու անդամներուն եւ ամբողջ մեր համայնքին եւ ազգին համար։
Յաջողութիւն մաղթեց բոլորին եւ եւ օրհնեց զանոնք։
Ապա աշակերտները մի առ մի մօտեցան արարողութեան մասնակից հոգեւորականներուն եւ օրհնութիւն ստացան։
Արարողութեանց աւարտին եկեղեցւոյ Շիրինօղլու սրահին մէջ թաղային խորհուրդը հիւրասիրեց ներկայ հոգեւորականներն ու աշակերտները։ Աշակերտները իրենց տնօրէն եւ ուսուցիչներուն հետ շնորհակալութիւն յայտնեցին Նորին Ամենապատուութեան, որ հայրական մերձեցումով հետաքրքրուած էր իրենց հետ։
Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad
İlk yorum yapan siz olun