İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԱՆԳԱՐԱ ԿԸ ՄԵԿՆԻ

Ինչպէս ծանօթ է, 28 Մայիս 2023ի ընտրութեամբ, Վսեմ. Ռէճէփ Թայյիպ Էրտօղան, վերընտրուեցաւ Թուրքիոյ Հանրապետութեան նախագահութեան պաշտօնին եւ եղաւ 13րդ նախագահը։

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 3 Յունիս 2023, Շաբաթ, կը մեկնի Անգարա, առընթերութեամբ գաւազանակիր Արժ. Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեանի։

Մեր Հոգեւոր Պետը ցամաքային ճամբով կը մեկնի Անգարա, ուր միօրեայ այցելութեան ընթացքին պիտի մասնակցի Հանրապետութեան նախագահի երդման արարողութեան, որ տեղի պիտի ունենայ Պէշթէփէյի Նախագահական համալիրին մէջ։

Նորին Ամենապատուութիւնը Աթոռ պիտի վերադառնայ նոյն իրիկուն։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın