Չորեքշաբթի, 31 Մայիս 2023-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետ հովուապետական այցելութեամբ Ժամանեց Գանատա, ընկերակցութեամբ Հոգշ. Տ. Պարոյր Վրդ. Շէրնէզեանի եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Քաղաքական Ժողովի համա-ատենապետ Գրիգոր Մահսէրէճեանի։
Գանատայի միջազգային օդակայանին մէջ Վեհափառ Հայրապետը դիմաւորուեցաւ Գանատայի հայոց թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տէր Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի, Գերշ. Տ. Սուրէն Արք. Գաթարոյեանի, հոգեւորականաց դասուն, Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան անդամ բժիշկ Ժիրայր Պասմաճեանի, Կրօնական Ժողովի եւ Ազգային Վարչութեան անդամներուն,կազմակերպիչ յանձնախումբին եւ եկեղեցիներու հոգաբարձական կազմերու կողմէ։
Յիշեցնենք, որ Գանատայի հայոց թեմին շնորհած հովուապետական այցելութեան ընթացքին, 1-15 Յունիս, Հայրապետը հանդիպումներ պիտի ունենայ թեմի Ազգային Երեսփոխաններու եւ Պատգամաւորներու, Ազգային Վարչութեան, հոգեւորականաց դասուն, գործակից միութիւններու, միջ-եկեղեցական ներկայացուցիչներու եւ պետական անձնաւորութիւններու հետ։
Աղբիւր։ His Holiness Aram I https://www.facebook.com/CatholicosAramI
İlk yorum yapan siz olun