Թուրքիոյ Հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնը տեղի ունեցաւ 28 Մայիս 2023, Կիրակի, որու արդիւնքին, նոյն պաշտօնին վերընտրուեցաւ Վսեմ. Ռէճէփ Թայյիպ Էրտօղան։
Նոյն առթիւ, Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը նամակով մը շնորհաւորեց Հանրապետութեան Վսեմ. Նախագահի վերընտրութիւնը եւ ըսաւ.
«Կ’ուզեմ գոհունակութիւնս յայտնել, որ 28 Մայիս 2023ին կայացած ընտրութեան որպէս արդիւնք՝ Դուք վերընտուեցաք Թուրքիոյ Հանրապետութեան Նախագահի պաշտօնին։
Այս մէկը ազգի վստահութեան դրսեւորումն է, որ այս նուիրական պարտականութիւնը կրկին անգամ վստահուած է Ձերդ Վսեմութեան այն օրերուն, երբ ազգովին կը պատրաստուինք նշելու Հանրապետութեան 100-ամեակը։
Այս առթիւ անձիս, Պատկառելի Կրօնական ժողովի, հոգեւորականաց դասու, մեր համայնքային հաստատություններու վարչութեանց եւ հայ համայնքի անունով կը շնորհաւորեմ Ձերդ Վսեմութիւնը։
Անկեղծօրէն կը ցանկանք, որ Աստուած Ձեզ պարգեւէ քաջառողջ կեանք եւ յաջողութիւններ՝ շարունակելու ձեր մատուցած ծառայութիւնները»։
Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad
İlk yorum yapan siz olun